ԳԻՒՄՐԻ, «Արմէնփրէս».- Նախագահ Քոչարեան Դեկտեմբեր 7ին Գիւմրիի մէջ յարգանքի տուրք մատուցեց 1988ի աւերիչ երկրաշարժի զոհերու յիշատակին: Նախագահը ծաղկեպսակ զետեղեց Ս. Ամենափրկիչ եկեղեցւոյ առջեւ տեղադրուած յուշակոթողին մօտ: Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Շիրակի թեմի առաջնորդ Միքայէլ եպիսկոպոս Աջապահեանի հանդիսապետութեամբ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն:
Նախագահին կ’ուղեկցէին տարածքային կառավարման նախարար Յովիկ Աբրահամեան, քաղաքաշինութեան նախարար Արամ Յարութիւնեան, ելեւմուտքի եւ տնտեսութեան փոխնախարար Պաւէլ Սաֆարեան, Շիրակի մարզպետ Ռոմիկ Մանուկեան, Գիւմրիի քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան:
Նախագահ Քոչարեան զրուցեց յուշակոթողին մօտ հաւաքուած գիւմրեցիներուն հետ, ծանօթացաւ զանոնք յուզող խնդիրներուն:
Նոյն օրը, նախագահ Քոչարեանի մասնակցութեամբ Գիւմրիի քաղաքապետարանին մէջ տեղի ունեցաւ աշխատանքային խորհրդակցութիւն՝ 1988ի երկրաշարժէն քանդուած քաղաքի խնդիրներուն, 18 տարուան ընթացքին կատարուած աշխատանքներուն ծանօթանալու նպատակով:
Նախագահը Գիւմրիի քաղաքապետարանի նոր շէնքի շինարարական հրապարակին մէջ ծանօթացաւ կատարուող աշխատանքներուն, այցելեց նաեւ Գիւմրիի լողաւազան, որ կառուցուած է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի եւ Գիւմրիի քաղաքապետարանի միջոցներով (շինարարութեան համար յատկացուած 286 միլիոն դրամէն 100 միլիոնը տրամադրած է քաղաքապետարանը):
Նշենք, որ երէկ Ախալքալաքի, Ստեփանակերտի եւ Հայաստանի այլ քաղաքներու մէջ յարգանքի տուրք մատուցուեցաւ Սպիտակի աւերիչ երկրաշարժի զոհերու յիշատակին, իսկ Ազգային ժողովի պատգամաւորները, լիագումար նիստի սկիզբը, մէկ րոպէ լռութեամբ յարգեցին երկրաշարժի զոհերու յիշատակը: