ՄԱՆԱԿՈՒԱ, «Էյ.Փի.».- Նիքարակուայի մէջ կայացած նախագահական ընտրութիւններուն հաւանական յաղթականը կը նկատուի 1980ական թուականներու նախագահ Տանիէլ Օրթեկա, որ ծանօթ է իր շեշտուած ձախակողմեան հակումներով:
Թէեւ Օրթեկա իր չորս մրցակիցներուն վրայ ընդգծուած առաւելութիւն կը վայելէր Երեքշաբթի օր, մինչ քուէահամարը կը շարունակուէր, այսուհանդերձ, ան յաղթականի յայտարարութիւններ չկատարեց եւ բաւարարուեցաւ դիտել տալով, որ իր հաւանական պաշտօնավարութեան շրջանին պիտի ձգտի դրական յարաբերութիւններ ունենալ Սպիտակ տան հետ:
Երեքշաբթի օրուան դրութեամբ, քուէներու 60 տոկոսի արդիւնքներով, Օրթեկա ստացած էր ձայներու 39 տոկոսը, իսկ իրեն ամենամօտ մրցակիցը Էտուարտօ Մոնթէալեկրօ՝ 31:
Մայրաքաղաք Մանակուայի մէջ, Օրթեկայի համակիրները արդէն իսկ սկսած են տօնախմբութեանց: Յիշեցնենք, որ Նիքարակուայի ընտրութիւններու միջազգային դէտերու շարքին էր Մ. Նահանգներու նախկին նախագահ Ճիմի Քարթըր: