Ֆրանսայի խորհրդարանի քուէարկած որոշումը կարելի է անկիւնադարձային եւ աննախընթաց նկատել Հայկական Ցեղասպանութեան հարցով: Անկիւնադարձային, որովհետեւ կ’առաջադրէ օրէնքի ուժով պատժել արդարութիւնը ոտնակոխողները եւ ճշմարտութիւնը ուրացողները: Աննախընթաց, որովհետեւ իր տեսակին մէջ ցարդ առաջին օրէնքն է ոչ միայն Եւրոպայի, այլեւ ամբողջ աշխարհի մէջ:
Եւ ուրեմն, ազգովին պէ՞տք է գոչենք Vive La France:
Մեր կարծիքով, տակաւին ոչ, որովհետեւ Ասամպլէ Նասիոնալի (ֆրանսական խորհրդարան) որոշումը որպէսզի օրէնքի ուժ ստանայ, նախ պէտք է վաւերացուի երկրի Ծերակոյտին կողմէ եւ ապա՝ ստորագրուի նախագահ Ժաք Շիրաքի կողմէ:
Սակայն այս մէկը կարելի է ընթացակարգային համարել, որովհետեւ երբ ժողովուրդի ներկայացուցիչները իրենց դրական քուէն նետած են այս հարցով, Ծերակոյտը դժուար թէ ընդդիմանայ Թուրքիան անուղղակիօրէն եւ Ցեղասպանութիւնը ուրացող անոր մեղսակիցները ուղղակիօրէն մեղադրեալի աթոռին նստեցնող որոշումին:
Իսկ նախագահ Շիրաք, որ վերջերս Երեւանի մէջ կատարեց Հայաստանի ու հայութեան զօրակցող լուրջ յայտարարութիւններ, կը կասկածինք, որ կրնայ չստորագրել նման օրինագիծ մը:
Ֆրանսայի օրէնսդիր իշխանութեան տրամադրութիւնը յստակ է: Կամքը՝ եւս: Հետեւաբար, Թուրքիոյ դէմ հայութեան եւ Հայաստանի կողմէ մղուող պայքարի հանգրուան մը եւս կարելի է մեզի համար յաղթանակով աւարտած համարել: Ֆրանսայի մէջ, այս պայքարի հանգրուաններէն մէկը արդէն իսկ իր արդար վախճանին հասած էր քանի մը տարի առաջ, երբ Ֆրանսա պաշտօնապէս ճանչցաւ Հայկական Ցեղասպանութիւնը: Հիմա կը գտնուինք յաջորդ, ընթացակարգային բնոյթ ունեցող հանգրուանի սեմին:
Ամերիկայի տարածքին, այս օրերուն, քոնկրէսականները գերզբաղած են Նոյեմբեր7ի ընտրութիւններով: Սակայն դժուար թէ իրենց ուշադրութենէն վրիպի ֆրանսական որոշումը: Ներկայացուցիչներու տան խօսնակ Տենիս Հեսթըրթ, որ չափազանց մտահոգ է նաե՛ւ իր կուսակից ու պաշտօնակից Ֆոլիի հարցով, անպայման որ ժամանակ պիտի ունենայ մտածելու Ասամպլէ Նասիոնալի երէկուան որոշումին մասին:
Փարիզէն Ուաշինկթընի լուրջ պատգամ մը փոխանցուած է: Մըսթըր Հեսթըրթ, կը լսե՞ս: