ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հոկտեմբեր 12ին Երեւանի մէջ բացումը կատարուեցաւ Եւրոխորհուրդի անդամ երկիրներու արդարադատութեան նախարարներու 27րդ համաժողովին՝ «Տուժողներ՝ կարգավիճակը, իրաւունքները եւ օժանդակութիւնը» թեմայով:
Համաժողովին կը մասնակցին Եւրոխորհուրդի բոլոր 46 անդամ պետութիւններու արդարադատութեան նախարարները կամ նախարարութեան ներկայացուցիչները, բացի Անտորրայի, Լիխթըյնշթայնի, Իսլանտայի, Կիպրոսի եւ Շուէտի ներկայացուցիչներէն:
Վարչապետ Անդրանիկ Մարգարեան, ողջունելով համաժողովի մասնակիցները, ընդգծեց, որ քննարկման առարկայ դարձած են արդարադատութեան ոլորտին մէջ առկայ եւ հասարակութեան ուշադրութեան կիզակէտին գտնուող այնպիսի հիմնախնդիրներ, ինչպէս տուժողի շահերու պաշտպանութիւնը, կարգավիճակը եւ իրաւունքները: Ան նշեց, որ Հայաստան մեծ կարեւորութիւն կու տայ դատաիրաւական բարեփոխումներու գործընթացին. «Մենք ծրագրաւորում ենք յաջորդ տարեսկզբից սկսել դատաիրաւական բարեփոխումները կեանքի կոչելու գործընթացը: Յուսով ենք, որ այդ բարեփոխումները եւս մէկ առաջընթաց քայլ կը գրանցեն դատական համակարգի գործունէութեան արդիւնաւէտութեան բարձրացման եւ մարդու իրաւունքների պաշտպանութեան գործում», ըսաւ վարչապետ Մարգարեան եւ աւելցուց, որ աւարտելով անդամակցութեան պարունակին մէջ Եւրոպայի խորհուրդի նկատմամբ իր ստանձնած պարտաւորութիւններու կատարումը, Հայաստան նոր պարտաւորութիւններ պիտի ստանձնէ, որոնք ամրագրուած են Եւրոպական միութեան հետ յառաջիկայ օրերուն ստորագրուելիք Եւրոպական հարեւանութեան քաղաքականութեան գործողութիւններու ծրագիրին մէջ:
Եւրոպայի խորհուրդի իրաւական հարցերով գլխաւոր տնօրէն Կի տէ Վէլի, ներկայացնելով համաժողովի թեման, յայտնեց, որ համաժողովի ընթացքին պիտի քննուին բռնութեան զոհերուն ցուցաբերուող աջակցութեան կատարելագործման եւ ապահովման ուղղուած, տուժողի՝ դատական ատեաններ մուտք գործելու ընթացակարգը հեշտացնելու հարցերը եւ այդ ուղղութիւններով պիտի փորձեն գտնել նոր եւ արդիւնաւէտ մօտեցումներ, ինչպէս նաեւ պիտի անդրադառնան անդամ երկիրներու իրաւական համակարգի փորձին, ներկայ չափանիշներուն, թերութիւններուն եւ իրականացման խնդիրներուն:
Ան նշեց նաեւ, որ նախարարները արդէն ներկայացուցած են իրենց մօտեցումները՝ կապուած երեխաներու սեռային շահագործման, ընտանեկան զոհերու եւ կանանց իրաւունքներու ոտնահարման հետ եւ յոյս յայտնեց, որ երեւանեան համաժողովով որակական առումով նոր սկիզբ դրուի տուժողներու պաշտպանութեան գործին: