ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Դեկտեմբեր 4-7, Երեւանի մէջ, Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութիւնը կազմակերպեց քառօրեայ դասընթացք՝ «Ահաբեկչութիւնը եւ զանգուածային բնաջնջման զէնքերու տարածումը» թեմայով, որուն մասնակցեցան պաշտպանութեան նախարարութեան, Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան, փրկարարական ծառայութեան, ոստիկանութեան, մաքսային կոմիտէի, առողջապահութեան նախարարութեան եւ դատախազութեան 29 ներկայացուցիչներ:
Հայաստանի մէջ ԱՄՆ դեսպանատան հաղորդագրութիւնը յայտնեց, թէ դասընթացքի հիմնական նպատակն էր մասնակիցներուն ներկայացնել ահաբեկչութեան եւ զանգուածային բնաջնջման զէնքերու տարածման միջեւ եղած կապերը՝ դիտարկելով վերջին շրջանի միտումները եւ ուսումնասիրելով կանխարգիլման մեթոտները: