ԿԱԶԱ, «Ռոյթըրզ».- Երեքշաբթի օր, իսրայէլեան ուժեր քաշուեցան Կազայի հիւսիսը գտնուող Պէյթ Հանուն քաղաքէն, ուր խուժած էին մահ ու աւեր սփռելով: Բանակի բանբեր մը հաստատեց լուրը, միաժամանակ աւելցնելով, որ բանակային կարգ մը միաւորներ տակաւին կը մնան Կազայի զանազան շրջաններուն մէջ:
Հազարաւոր քաղաքացիներ փողոց ելան, տեսնելու համար քանդումը: Իսրայէլեան այս արշաւին հետեւանքով սպաննուեցան 52 պաղեստինցիներ, որոնց կէսը զինեալներ էին: Իսրայէլեան բանակը Պէյթ Հանուն ներխուժեց, որպէսզի կասեցնէ պաղեստինցիներու կողմէ կատարուող հրթիռարձակումները, որոնք սակայն չեն դադրած:
Միւս կողմէ, պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս եւ վարչապետ Իսմայիլ Հանիյէ շարունակեցին իրենց շփումները ազգային միասնութեան կառավարութիւն կազմելու հարցով: