ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Հայ Դատի Յանձնախումբի քաղաքական գործունէութեան յանձնախումբը ուժգին կերպով դատապարտեց Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւը խափանելու վարչակազմի հակաժողովրդավարական քայլերը:
Անցնող շաբթուան սկիզբները, Անգարայի մէջ ԱՄՆ դեսպան Ռոս Ուիլսըն թրքական մամուլին նամակով յայտնած էր, թէ վարչակազմը դիրքորոշուած է բանաձեւին դէմ:
Յանձնախումբի բանբեր մը յայտարարեց, թէ Ուիլսընի առած քայլը վարչակազմի բարոյական սնանկութեան աղաղակող փաստն է, որ մինչ մէկ կողմէ կը դրուատէ Հրանդ Տինքը իբրեւ խօսքի ազատութեան ռահվիրա (անոր թաղման օրը), իսկ միւս կողմէ կանխարգելիչ քայլեր կ’առնէ Ցեղասպանութեան բանաձեւին դէմ:
Նոյն բանբերը դիտել տուաւ. «Վարչակազմի բուռն մօտեցումը (հրահրուած փոխնախագահ Չէյնիի ու պետական եւ պաշտպանութեան նախարարութիւններու իր դաշնակիցներուն կողմէ) աւելի հասարակաց բաներ ունի Թուրքիոյ 301րդ յօդուածին, քան ազատ քննարկումի եւ ժողովրդավար կարգով որոշում կայացնելու ամերիկեան արժէքային համակարգին հետ: Ժամանակն է, որ Պուշի վարչակազմը ջնջէ 301րդ յօդուածի իր տարբերակը եւ թոյլ տայ Քոնկրէսի անդամներուն, որ քուէարկեն Հայկական Ցեղասպանութիւնը պատշաճօրէն ճանչցող բանաձեւին ի նպաստ»:
Ցարդ աւելի քան 160 քոնկրէսականներ իրենց զօրակցութիւնը յայտնած են բանաձեւին:
Բանաձեւին նկատմամբ դեսպան Ուիլսընի կեցուածքը եւ Պուշի վարչակազմի ընդդիմութիւնը յաւելեալ լարուածութիւն կը ստեղծեն ամերիկահայութեան եւ Սպիտակ տան միջեւ: