ԱԹԷՆՔ.- Գիւղատնտեսութեան նախարար Դաւիթ Լոքեան Դեկտեմբեր 6ին ժամանեց Աթէնք, աշխատանքային հանդիպում ունենալու համար Յունաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Էվրիփիտիս Սթիլիանիտիսի հետ:
Հանդիպումը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 7ի առաւօտեան, Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան շէնքին մէջ: Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ Սթիլիանիտիսի գրասենեակի տնօրէն Եորղոս Փանտրեմէնոս, իսկ հայկական կողմէն դեսպան Վահրամ Կաժոյեան, Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Յանձնախումբի ներկայացուցիչ Գասպար Կարապետեան եւ Աթէնքի երկրագործական համալսարանի դասախօս, Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ Հայաստանի գումարներու տրամադրման պատասխանատու Սերգօ Յարութիւնեան:
Հանդիպման ընթացքին Լոքեան եւ Սթիլիանիտիս իբրեւ համանախագահներ երկու երկիրներուն միջեւ միջ-կառավարական յանձնաժողովին, նախ քննարկում կատարեցին տեղի ունեցած աշխատանքներուն:
Ապա Սթիլիանիտիս յայտնեց, թէ արդէն ընթացքի մէջ է լուրջ երկրագործական ներդրումի ծրագիր մը Ս. Յարութիւնեանի ղեկավարութեամբ, որը պիտի ամբողջանայ 2007ին: Նաեւ ընթացքի մէջ է երկու երիտասարդական կեդրոններու կառուցումը Երեւանի եւ Հրազդանի մէջ:
Նախարար Լոքեան տեղեկութիւններ յայտնեց Հայաստանի սահմանամերձ գիւղերու զարգացման ծրագիրի մասին եւ առաջարկեց, որ յունական պետութիւնը բերէ իր մասնակցութիւնը՝ ստանձնելով Լոռիի մարզի երկու գիւղերու՝ Եաղտանի եւ Մատանի զարգացման պատասխանատուութիւնը, նշելով նաեւ, թէ այդ գիւղերուն մէջ կը բնակին ծագումով յոյն քաղաքացիներ: Նախարար Սթիլիանիտիս անմիջապէս ընդունեց առաջարկը եւ նախարար Լոքեանէն խնդրեց ուղարկել երկու գիւղերու զարգացման ծրագիրը, որպէսզի ներառուի հնգամեայ ծրագիրին մէջ:
Հանդիպման մասնակիցները նշեցին նաեւ Յունաստանի հայկական գաղութի ներդրումը երկու երկիրներուն միջեւ գործակցութեան եւ զանազան ծրագիրներու իրագործման աշխատանքներուն մէջ:
Գիւղատնտեսութեան նախարար Դաւիթ Լոքեան երէկ, Դեկտեմբեր 8ին վերադարձաւ Երեւան: