«Երբ երիտասարդ էի, կ՚ուզէի բարեփոխել աշխարհը, հասուն տարիքիս կ՚ուզէի փոխել իմ երկիրս, երբ տարիքս առի, կ՚ուզէի ընտանիքս բարեփոխել, բայց միայն մահուան մահիճին հասկցայ, որ ինքզինքս պէտք էր փոխէի, այն ատեն հաւանաբար փոխուէին ընտանիքս, երկիրն ու աշխարհը…»
Ուինսթըն Չըրչիլ
Սփիւռքի բոլոր գաղութները, իրենց ազգային կառոյցներուն շնորհիւ կը փորձեն հայեցի ազգային կրթութիւն ապահովել՝ հայրենիքէն հեռու ապրող հայ երեխաներուն համար։
Հայաստան չտեսած, սակայն Հայաստանով շնչող հայորդիները միշտ կ՚երազեն սեփական աչքերով տեսնել հայրենիքը։ Շատերը տարբեր միջոցներով կը յաջողին այդ երազանքը իրականացնել, բայց երբ վերացական հայրենիքի իտէալական գաղափարը շօշափելի կը դառնայ, կը յայտնուին հիասթափութեան որոշ ապրումներ, որոնք հետեւանք են բազմաթիւ պատճառներու, ինչպէս, օրինակ, դաստիարակութեան գործընթացին մէջ հայրենիքը իտէալական ներկայացնելը։ Ճիշդ չէ, պէտք է իրարմէ զատորոշել Հայաստան ու հայրենիք հասկացութիւնները։
Պէտք է սորվինք ձգտիլ հայրենիքը կերտել, սիրել ամբողջ էութեամբ եւ միեւնոյն ժամանակ ճանչնանք Հայաստանը այնպէս, ինչպէս որ կայ՝ սովորական երկիր, ինչպէս աշխարհի բոլոր երկիրները, որոնք ունի իրենց թերութիւններն ու առաւելութիւնները, ճիշդն ու սխալը. սխալ, որ մերն է, այնպէս, ինչպէս մերն են յաղթանակներն ու հպարտութիւն ներշնչող երեւոյթները. սխալ, որ ունի իր պատճառը, իսկ այդ պատճառը պէտք է փորձել հասկնալ, ու հասկնալու համար պէտք է Հայաստանէն դուրս եւ ներս սերտ շփումներ տեղի ունենան՝ արեւելահայ եւ արեւմտահայ հատուածներուն միջեւ, շփում, որ պէտք է զարգանայ փոխադարձ զիջումով, լայնախոհութեամբ, գրագիտութեամբ։ Իւրաքանչիւրս պէտք է ճանչնայ եւ ուսումնասիրէ միւսի անցեալն ու ներկան, որպէսզի կարենանք ձեռք ձեռքի տուած կերտել ապագան։
Հիմնական խնդիրը այն է, որ հայ երկու հատուածները երեւոյթները կ՚ընդհանրացնեն՝ հիմք ընդունելով իրենց քանի մը շփումները։ Շատերու բերնէն լսուած խօսք է, որ հայաստանցիները գող են, եւ այս խօսքի հիմքն այն է, որ ինչ որ մէկը խաբուած է այսինչ հայաստանցիին հետ գործ ունենալով։ Իսկ այդ խաբուողը ինչո՞ւ ուշադիր չէր, եւ այդ խաբողը չէ՞ որ մէկն էր միայն, կամ նոյնիսկ տաս կամ քսան հոգի։ Իսկ ո՞ւր գող չկայ. ընթերցողի պատասխանը յստակ է՝ «Հայուն չի վայելեր»։ Իսկ ո՞ւր չկայ պարկեշտ եւ ոչ պարկեշտ քաղաքացի, եւ երբ կը յայտարարենք, որ հայաստանցիները գող են, ի՞նչ ապրումներ կրնան ունենալ այն պարկեշտ հայաստանցիները, որոնք պատրաստ են իրենց տան եղած չեղածը հիւրասիրել իրենց անծանօթ հիւրին անգամ։
Անդրադառնալով հայաստանցի նոր սերունդին, պէտք է ըսել այնտեղ եւս անտեղեակութեան երեւոյթները ընդհանրացնելու խնդիր կայ։ Հիմք ընդունելով համացանցի հայկական կայքէջերէն մէկուն (www.myhayastan.am) վրայ կայացող բուռն քննարկումները, այդ հարցին, թէ «ո՞վ է քեզի համար սփիւռքահայը», կարելի է թէ՛ տխրիլ եւ թէ ուրախանալ։ Քննարկման մասնակիցները Հայաստան եւ Հայաստանէն դուրս ապրող հայաստանցիներ են. երկու երեք հոգիի կարծիքով սփիւռքահայը այն հայն է, որ կ՚ապրի Հայաստանէն դուրս, հայերէն խօսիլ չի գիտեր, եթէ բարեգործութիւն մը կատարէ Հայաստանի համար, շատ կը խօսի այդ մասին, չի ձգտիր Հայաստան տեսնել, կը նախընտրէ զբօսնիլ այլ երկրներու մէջ… Կարելի է պատկերացնել յատկապէս ընթերցողի վիրաւորանքը, այս կարծիքները կարդալէն ետք, բայց կան չէ՞ այդ տեսակի սփիւռքահայեր, այստեղ նոյնպէս սխալը երեւոյթները ընդհանրացնելու մէջ է։
Ուրախալի է քննարկման մասնակցողներու մեծ մասին զայրոյթը վերոյիշեալ քանի մը հոգիի կարծիքի մասին, ինչպէս նաեւ անոնց ճիշդ գնահատականն ու արժեւորումը՝ Սփիւռքի դերակատարութեան Հայաստանի զարգացման գործընթացի մէջ, հետաքրքրական է կարդալ ոմանց կարծիքը։
«Կարծում եմ, որ շատ անարդարացի են նման պատասխանները, զուգահեռներ կարելի է տանել. լուռ ու մունջ, իր ողջ կարողութեան տարեկան տուրքը, Հայաստանի որեւէ ձեռնարկութեան վրայ, որպէս բարեգործութիւն ձեւակերպած սփիւռքահայը եւ երեւանաբնակ, ոչ ապահով, բայց միշտ հիւրասէր հայը։ $35ից ձեռքը դողացող սփիւռքահայն ու երեւանաբնակ, լաւ ուսում ստացած մարդու քծնանքը նոյն սփիւռքահային։ Ինչ լաւն են ու ինչ վատ, չէ՛, ի՛նչ տարբեր են. ի վերջոյ կարգին ու տխմար հայեր կան ամէն տեղ, կարգին ու տխմար մարդիկ կան բոլոր ազգերու մէջ»։
«Եկէք չմոռանանք, որ մենք ունենք հայի հոգի՝ անկախ մեր լեզուից, որով խօսում ենք»։
«Արեւմտահայերէնը պաշտում եմ… նմանապէս պաշտում եմ մեր արեւմտահայ բոլոր ստեղծագործողներին»։
«Սփիւռքի դերը անգնահատելի է մեր այս փոքրիկ Հայաստանը պահելու ու զարգացնելու մէջ, ես երկու ձեռքով կողմ եմ երկքաղաքացիութեան, նոր կարդում էի «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի տարեկան հաշուետուութիւնը, սա ընդամէնը մի մասն է Սփիւռքի աջակցութեան, ինչքա՜ն լաւ գործեր են անում նրանք իրենց հայրենիքի համար»։
«Հայաստանը հովանաւորելուց բացի, սփիւռքահայերը նաեւ օգնում են դեսպանատներին, մեր պետութիւնը այդքան գումար չի տրամադրում, որ մեր դեսպանատները կարգին աշխատեն ու մեր երկիրը դրսում պատուով ներկայացնեն… Չեմ ասում սփիւռքահայերի մէջ վատեր չկան, կամ իրենք միշտ են այդքան լաւ, բայց կարեւորը այն է, որ իրենք էլ են հայ»։
«Եկէք չառաջնորդուենք տխուր օրինակներով, եկէք գոնէ ակունքը գտնենք ճշմարտացի ելքի, որպէսզի հայերը չտարանջատուեն… Թէ ո՛վ, ո՞վ է բոլորս գիտակցում ենք, մնում է ըստ արժանւոյն գնահատել արժանիները…»։
Եկէ՛ք չընդհանրացնենք երեւոյթները, գնահատենք արժանիները ու փորձենք ճիշդ ուղին ցոյց տալ մոլորուածներուն։
Nayirim@yahoo.com