ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- ՄԱԿի Զարգացման ծրագիրի (ՄԱԶԾ) եւ «Իզմիրլեան» հիմնադրամի միջեւ Փետրուար 5ին ստորագրուեցաւ համաձայնագիր, ըստ որուն Մեղրի քաղաքին մէջ պիտի գործադրուի տնտեսական, ընկերային եւ մշակութային զարգացման ծրագիր եւ վերանորոգուի Մեղրիի Փոքր թաղի եկեղեցին, կրկին աշխատի քաղաքի Արհեստներու կեդրոնը: Բացի այդ, պիտի կազմակերպուի Մեղրիի աղբահանութիւնը:
Ծրագիրի ընդհանուր արժէքը կը կազմէ 155 հազար տոլարի համարժէք դրամ. «Այս ծրագրով մենք շարունակում ենք մեր ռազմավարական գործընկերութիւնը սփիւռքահայ կազմակերպութիւնների հետ՝ յանուն Հայաստանի հեռաւոր մարզերի տնտեսական եւ մշակութային զարգացման», իր խօսքին մէջ յայտնեց Հայաստանի մէջ ՄԱԿի գրասենեակի ղեկավար Քոնսուէլօ Վիտալ եւ նշեց, որ ծրագիրի նպատակներէն նաեւ ստեղծել պայմաններ Մեղրիի մէջ ազգագրական զբօսաշրջութեան զարգացման եւ բնակչութեան որոշակի խումբերու ընկերային-տնտեսական վիճակի բարելաւման համար: Վիտալ յոյս յայտնեց, որ Արհեստներու կեդրոնի վերագործարկումը նպաստէ տեղւոյն երիտասարդներու գործազրկութեան նուազումին: «Իզմիրլեան» հիմնադրամի (կեդրոնական գրասենեակը՝ Ժընեւ) աւագ փոխնախագահ Ժաք Սարգսեանի խօսքերով, ծրագիրը կը նպաստէ նաեւ քաղաքացիներու չքաւորութեան յաղթահարման ծրագիրին: Նշուեցաւ նաեւ, որ հիմնադրամի եւ ՄԱԶԾի առաջին համատեղ ծրագիրով վերակառուցուած է Մեղրիի Փոքր թաղի Մեժլումեան փողոցի վրայ գտնուող պատմամշակութային նշանակութիւն ունեցող հին տուներէն մէկը, ուր դիմողներուն կարճատեւ օթեւան եւ սնունդ կը տրամադրուին: