ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 7ի երեկոյեան, Մինիսոթայի «Սէյնթ Ճոնզ» համալսարանին մէջ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս աժանացաւ «Pax Christi» պատուանշանին։
Նշենք, որ «Սէյնթ Ճոնզ» համալսարանին կողմէ բացառիկ առիթներով տրուած այս պատուանշանը կը շնորհուի մտաւորական, ակադեմական, դիւանագիտական, ինչպէս նաեւ ընկերային արդարութեան բնագաւառներէն ներս մեծ ծառայութիւն մատուցած անձերուն։ Սոյն պատուանշանին արժանացած են միջազգային վարկ վայելող կարգ մը անձնաւորութիւններ։
Պատուանշանի տուչութեան հրաւիրուած էին շուրջ 150 անձեր, պաշտօնական հանդիսութենէն առաջ տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ, ապա համալսարանի հանդիսասրահին մէջ, յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին պատուանշանը յանձնուեցաւ վեհափառ հայրապետին։
Համալսարանի նախագահը վեհափառը ներկայացուց իբրեւ միջազգային կարեւոր հոգեւոր ղեկավար մը, որ իր մտաւորական, միջ-կրօնական, ու միջ-եկեղեցական ծառայութիւններով մեծ նպաստ բերած է խաղաղութեան ու արդարութեան հաստատման գործին։ Ապա ան կարդաց յատուկ գիր մը վեհափառին ծառայութիւնները նկարագրող։
Խօսք առնելով, կաթողիկոսը իր շնորհակալութիւնը յայտնեց իրեն ընծայուած այս պատիւին համար, զայն նկատելով խթան՝ նորանոր ծառայութեանց։ Ապա, վեհափառը դասախօսութիւն մը տուաւ «Քրիստոնէութիւնը Միջին Արեւելքէն ներս եւ անոր դիմագրաւած մարտահրաւէրները» նիւթին շուրջ։
Յայտնենք, որ հանդիսութեան ներկայ էին նաեւ Արեւելեան ու Արեւմտեան թեմերու առաջնորդները՝ Օշական արք. Չօլոյեան եւ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, Դպրեվանքի տեսուչ՝ Շահէ Ծ. Վրդ. Փանոսեան, ինչպէս նաեւ Արեւելեան թեմի Ազգ. վարչութեան ատենապետ՝ Ճէք Մարտոյեան։