ՊԱՂՏԱՏ, «Ռոյթըրզ».- Երկուշաբթի, Փետրուար 5ին, մինչ ամերիկեան եւ իրաքեան ուժերը նոր անցարգելներ հաստատելով եւ ապահովական միջոցառումներու դիմելով կը փորձէին երաշխաւորել մայրաքաղաքին ապահովութիւնը, Իրաքի տարածքին տեղի ունեցած շարք մը յարձակումներ 47 զոհեր եւս պատճառեցին:
Շաբաթ օր, Պաղտատ բեմ դարձած էր պատերազմին ընթացքին ամենամահացու ականի պայթումին, որ պատճառեց 137 զոհ։ Աւելի արիւնալի օրեր տեսած մայրաքաղաքը նախապէս այսքան մեծաթիւ զոհեր չէր տուած մէկ ականահարումի ընթացքին։ Անձնասպանական խմբակ մը այս անգամ ինքնաշարժի փոխարէն ականած էր ամբողջ բեռնակառք մը, որուն մէջ լեցուցած էր շուրջ մէկ թոն պայթուցիկ նիւթ: Յարձակումը տեղի ունեցաւ մայրաքաղաքի շիի թաղամասերէն մէկուն գլխաւոր շուկային մէջ:
Ականահարումէն ետք մայրաքաղաքի սիւննի եւ շիի թաղամասերէն զինեալներու միջեւ բախումներ տեղի ունեցան, պատճառելով յաւելեալ զոհեր ու վիրաւորներ։
Կիրակի օր Պաղտատի մէջ այլ ականի մը պայթումին զոհ գացած էին չորս ոստիկաններ եւ վիրաւորուած էին երեք ուրիշներ։
Նկարին մէջ, Երկուշաբթի օրուան պայթումներէն մէկուն պատճառով քանդուած ինքնաշարժ մը: