ՊՈԼԻՍ, ԱԹԷՆՔ, «Էյ.Էն.Էյ.», «Մարմարա».- Թուրքիոյ փոքրամասնական կալուածներու հարցի շուրջ սկսած գործընթացը, որ ամիսներէ ի վեր կը շարունակուէր ծանր բանավէճերու տեղի տալով կառավարութեան ու ընդդիմադիր ու ազգայնամոլ կարգ մը շրջանակներու միջեւ, Երեքշաբթի, Յունուար 9ին, նոր զարգացում մը արձանագրեց, այս անգամ միջազգային գետնի վրայ։
Արդարեւ Թուրքիա դիւանագիտական պարտութիւն մը կրեց, երբ Մարդկային իրաւանց եւրոպական ատեանը իր առաջին վճիռը հրապարակեց ազգային փոքրամասնութիւններու կալուածներու մասին, յայտարարելով, որ «Թուրքիա բռնաբարած է փոքրամասնական այդ կալուածը պահպանելու իրաւունքը»։
Հրապարակուած վճռին համաձայն, Թուրքիա, 1974ին յունական վարժարանէ մը գրաւուած երկու կալուածները երեք ամսուան ընթացքին պէտք է վերադարձնէ իր նախկին տէրերուն, այլապէս պիտի ստիպուի 910 հազար եուրօ վճարել։
Այս որոշումը մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ նմանատիպ այլ փոքրամասնական կալուածներուն համար։
Փոքրամասնական կալուածներու սեփականատէրերը միայն վերջերս սկսած են եւրոպական ատեանին դիմել, որովհետեւ իրենց բռնագրաւուած կալուածներուն վերատիրանալու համար թրքական ատեաններու մօտ իրենց դիմումներու առիթները սպառած էին:
«Միլլիյէթ» թերթը կը հաղորդէ, թէ այս վճիռը մեծ ուրախութիւն պատճառեց փոքրամասնական վաքըֆներու պատասխանատուներուն, որոնք տարիներէ ի վեր պայքար կը մղեն իրենց կալուածներուն տիրանալու համար։ Թերթը դիտել կու տայ, որ պետութիւնը ձեռք դրած է յունական համայնքի մօտաւորապէս 400, իսկ հայկական համայնքի 30 կալուածներու վրայ։
Հայկական համայնքի փաստաբաններէն Լուիզ Պաքար յայտարարեց, որ այս վճիռը օրինակ պիտի հանդիսանայ միւս դատերու համար եւ մօտիկ ապագային վճիռներ կ՚ակնկալուին համայնքի կողմէ բացուած երկու դատերու առնչութեամբ։
«Միլլիյէթ» դիտել կու տայ, որ եթէ Թուրքիոյ օրէնքին մէջ բարեփոխումներ չկատարուին, նմանատիպ դատերու համար նոյն վճիռները պիտի արձակուին։ Այս ծիրէն ներս, ընթացքի մէջ է Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան կողմէ բացուած դատը, որ ներկայիս կը քննուի Մարդկային իրաւանց եւրոպական ատեանին կողմէ: