ՊՐԻՒՔՍԷԼ, «Ա.Էֆ.Փէ.»- Չորեքշաբթի, Յունուար 10ին, Եւրոպական խորհրդարանին մէջ ամենամեծ թիւով երեսփոխաններ ունեցող Եւրոպական ժողովրդային կուսակցութեան ղեկը ստանձնած Ժոզէֆ Տոլ յայտարարեց, թէ անձամբ դէմ է Թուրքիան Եւրոպական միութեան լիիրաւ անդամ դարձնելու եւ աւելցուց, թէ կը նախընտրէ Թուրքիոյ եւ Եւրոմիութեան միջեւ շատ զօրաւոր գործակցութեան դաշինք մը կնքելու ընտրանքը:
Աւստրիա, Գերմանիա եւ ֆրանսացի կարգ մը քաղաքական դէմքեր եւս այս ընտրանքին ջատագով են:
«Չեմ կարծեր, որ Թուրքիան կամ Եւրոպական միութիւնը պատրաստ են Թուրքիան լիիրաւ անդամ դարձնելու ընտրանքին», յայտարարեց ան: