Ամերիկեան Քոնկրէսի, ինչպէս նաեւ նահանգային ընտրութիւններու արդիւնքներով, ամերիկահայութեան համար նպաստաւոր կեցուածք ունեցող թեկնածուներու մեծ թիւ մը ընտրուեցաւ, կամ վերընտրուեցաւ, բացառութեամբ քանի մը պարագաներու:
Հիմնական պէտք է նկատել Դեմոկրատ կուսակցութեան մեծամասնութեան տիրանալու բերումով Նենսի Փելոսիի՝ Ներկայացուցիչներու տան խօսնակ դառնալը: Ամերիկահայութեան շատ մօտիկ Փելոսի վերջերս խոստացած էր Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւը օրակարգի վրայ դնել, եթէ ինք տիրանար այդ պաշտօնին:
Ամերիկահայութեան համար կարեւոր յաղթանակ էր Նիւ Ճըրզիի մէջ ծերակուտական Ռապըրթ Մենենտեզի (Դ.) վերընտրութիւնը: Ան գործնականօրէն կասեցուց Ռիչըրտ Հոկլընտի՝ Հայաստանի մէջ դեսպանի պաշտօնին նշանակման գործընթացը, որովհետեւ մերժած էր ճանչնալ Հայկական Ցեղասպանութիւնը՝ ծերակուտականներուն տուած իր պատասխաններուն մէջ: Նիւ Ճըրզիի մէջ, շրջանի Հայ Դատի Յանձնախումբը գործի լծած էր նահանգի հայութիւնը, օժանդակելու համար Մենենտեզի յաղթանակին:
Քալիֆորնիոյ մէջ, Հայ Դատի Յանձնախումբին կողմէ զօրակցութեան արժանացած 6 թեկնածուներէն հինգը յաջողեցան: Պըրպէնքէն Փօլ Գրիգորեան մեծ յաղթանակ տարաւ Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի 43րդ ընտրաշրջանէն ներս, ինչպէս նաեւ Ներկայացուցիչներու տան գծով Էտըմ Շիֆ (29րդ) եւ Պրատ Շըրմըն (27րդ): Յաղթանակ արձանագրեցին նաեւ Ճան Կարամենտի (փոխնահանգապետ), Ճան Չիէնկ (նահանգային վերստուգող), ինչպէս նաեւ Լելընտ Եի (նահանգային ծերակոյտ) եւ Էնթընի Փորթանթինօ (նահանգային խորհրդարան): Ֆրեզնոյէն, Չաք Փուչիկեան կորսնցուց նահանգի դատախազի պաշտօնի իր թեկնածութիւնը՝ նախկին նահանգապետ Ճերի Պրաունի դէմ:
Հայ Դատի Յանձնախումբը գոհունակութիւն յայտնեց, որ ամերիկահայութեան բարեկամներու մեծ թիւ մը ընտրուած կամ վերընտրուած է զանազան պաշտօններու վրայ:
Հարաւային Քալիֆորնիոյ հայութեան մտքին մէջ թարմ է տակաւին անցնող Յունիսի նախնական ընտրութիւններուն Փօլ Գրիգորեանի արձանագրած յաղթանակը Ֆրէնք Քուինթերոյի դէմ, ուր Գրիգորեան կը վայելէր Յանձնախումբի զօրակցութիւնը: Այդ ընտրապայքարին, Գրիգորեան եւ ամերիկահայութիւնը թիրախ դարձած էին զրպարտչական արշաւի մը: Օրին սակայն, Հայ Դատի Յանձնախումբը հանրութիւնը տեղեակ պահեց հարցի բոլոր ծալքերէն, որ համախմբուելով Գրիգորեանի ետին, ապահովեց անոր վերջնական յաղթանակը:
Յանձնախումբի գործիչներէն Լէոնարտ Մանուկեան յատկանշական համարեց Գրիգորեանի ընտրութիւնը, որովհետեւ ատիկա կը խորհրդանշէ նաեւ ամերիկահայութեան քաղաքական աշխուժութիւնը՝ ուղղակի մասնակցութեան իմաստով:
Համաամերիկեան իմաստով, Յանձնախումբի հովանաւորած կամ զօրակցած թեկնածուներու 93 տոկոսը վերընտրուեցաւ կամ ընտրուեցաւ: Յատկանշական էր Նեւատայէն ծերակուտական Ճան Էնսայնի (Հ.) վերընտրութիւնը, Մէսէչուսէցի նահանգապետ Տեւալ Փաթրիքի (Դ.) ընտրութիւնը, ինչպէս նաեւ Թեքսասի մէջ Նիք Լամփսընի (Դ.) ընտրութիւնը: Յաղթականներու շարքին էին նաեւ ծերակուտականներ Տայէն Ֆայնսթայն (Դ., Քալիֆորնիա), Ճօ Լիպըրմըն (անկախ-դեմոկրատ, Քէնէթիքէթ), Ճան Էնսայն (Հ., Նեւատա), Հիլըրի Քլինթըն (Դ., Նիւ Եորք) եւ Պեն Քարտին (Դ., Մերիլենտ): Միաժամանակ սակայն, ամերիկահայութիւնը կորսնցուց իր բարեկամներէն ծերակուտական Ռիք Սանթորումը (Հ., Փենսիլվանիա):
Յառաջիկային համապարփակ ձեւով պիտի շարունակենք անդրադառնալ ընտրութիւններուն: