ԵՐԵՒԱՆ, ՀՀ Նախագահի Մամլոյ Գրասենեակ.- Նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան Դեկտեմբեր 9ին պետական եկամուտներու հաւաքագրման խնդիրներուն հետ կապուած աշխատանքային խորհրդակցութիւն ունեցաւ վարչապետին, ելեւմուտի եւ տնտեսութեան, առեւտուրի եւ տնտեսական զարգացման նախարարներու, Կեդրոնական դրամատան նախագահին, հարկային պետական ծառայութեան, մաքսային պետական կոմիտէի ղեկավարներու, շահագրգիռ այլ անձերու մասնակցութեամբ:
Նշելով, որ տարեվերջին սովորաբար կ’ամփոփուի կատարուածը եւ կ’ուրուագծուին յաջորդ տարուան գլխաւոր ընելիքները եւ ծրագիրները, նախագահը ըսաւ, որ անոնց իրականացումը պայմանաւորուած է հարկային եւ մաքսային կառոյցներու աշխատանքով: Ըստ նախագահ Քոչարեանի՝ յաջորդ տարի կը նախատեսուի եկամուտներու յաւելում, ուստի պէտք է վստահ ըլլալ, որ բարեփոխումները պիտի շարունակուին, իսկ ծրագրաւորուած աշխատանքը կատարուի որակով եւ ամբողջական ծաւալով:
Ըստ նախագահ Քոչարեանի, վերջին մէկ-երկու տարիներուն թէեւ հարկային եւ մաքսային վարչարարութեան բարելաւման ուղղութեամբ որոշակի աշխատանք կատարուած է, սակայն այն դեռեւս հեռու է բաւարար ըլլալէ: Նշելով, որ տարբեր հարկատեսակներու պարագային այժմ ստացուող եկամուտները չեն համապատասխաներ առկայ ներուժին, ան պահանջեց հիմնական ուշադրութիւնը կեդրոնացնել հարկային քաղաքականութեան մէջ եղող թերութիւնները կրճատելուն:
Նախագահ Քոչարեան յայտնեց նաեւ, որ յաջորդ տարի շատ աւելի պահանջկոտ պիտի ըլլայ եւ կ’ակնկալէ աշխատանքի որակական փոփոխութիւն: Ըստ նախագահին՝ լաւ աշխատանքը հնարաւորութիւն կու տայ զգալիօրէն աւելցնել եկամուտներու հաւաքագրումը, ինչը իր հերթին պիտի օգնէ աւելի շատ ծրագիրներ իրականացնելուն եւ աւելի շատ խնդիրներ լուծելուն: