ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- 2006ի Յունուար-Նոյեմբեր ամիսներուն, իբրեւ մարդասիրական օգնութիւն, Հայաստան ներածուած են 43.9 միլիոն տոլարի 5297.4 թոն ապրանքներ: 2005ի նոյն ժամանակահատուածին ներածուած էին 31.3 միլիոն տոլար ընդհանուր արժէքով 6242.9 թոն ապրանքներ:
Ըստ Ազգային վիճակագրական ծառայութեան, ստացուած օգնութեան 36%ը կազմած է քիմիական արդիւնաբերական արտադրանքը, 25.4%ը՝ սարքեր, 8.3%ը՝ հիւսուածեղէն, 7%ը՝ մեքենաներ, սարքաւորումներ: