ԿԱԶԱ, «Էյ.Փի.».- Պաղեստինեան «Համաս» կազմակերպութեան աքսորեալ ղեկավարներէն Խալէտ Մաշաալ յայտարարեց, թէ վերջ տրուած է իրենց կողմէ Իսրայէլի հետ 2005ին յայտարարուած զինադուլին, իբրեւ հակադարձութիւն Կազայի Պէյթ Հանուն քաղաքին մէջ իսրայէլեան ուժերու բիրտ ռմբակոծումին, որուն զոհ գացին 18 անմեղ քաղաքացիներ, մեծամասնութեամբ կիներ եւ երեխաներ:
Զոհերը կը պատկանէին նոյն ընտանիքին:
Իսրայէլեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս դատապարտեց իսրայէլեան վայրագութիւնը, զայն կոչելով «ահաւոր եւ անասելի ոճիր»: Իր կարգին, իսրայէլեան իշխանութիւնները խոստացան արագօրէն քննութիւն բանալ դէպքին շուրջ եւ ցաւ յայտնեցին մարդկային կորուստներուն համար:
Ռմբակոծումը տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի շատ կանուխ, լուսաբացէն առաջ, երբ բնակիչները կը քնանային: Իսրայէլեան ռումբերը հարուածեցին բնակարանային չորս շէնքեր. առաջին հարուածներէն ետք, երբ բնակիչները փորձեցին խոյս տալ շէնքերէն, նոր ռումբեր ինկան անոնց վրայ, արեան լճակներ ստեղծելով չորս դին: Արձանագրուեցան նաեւ 60 վիրաւորներ, որոնցմէ 26ը՝ երեխաներ:
Դամասկոսի մէջ, Խալէտ Մաշաալ յայտարարեց, թէ «զինեալ պայքարը ազատ է վերսկսելու եւ դիմադրութիւնը կը թելադրուի տեղական պայմաններէն… Որոտագին հակազդեցութիւն պէտք է ցուցաբերուի, որպէսզի բոլոր զոհերուն վրէժը լուծենք»: Ան աւելցուց, որ պէտք է հարուածել նաեւ ամերիկեան թիրախները:
«Համաս»ի ղեկավարութիւնը սակայն, Կազայի մէջ, փորձեց հեռաւորութիւն պահել Մաշաալի յայտարարութենէն, որովհետեւ, ըստ դէտերու, երբեք իսրայէլեան թիրախներէն զատ այլ կէտեր չէ հարուածած:
Իսրայէլի վարչապետ Էհուտ Օլմերթի բանբերը ըսաւ, թէ «ոչ կանխամտածուած ողբերգութիւնը բանակին կողմէ քննութեան նիւթ պիտի դառնայ, որպէսզի նման դէպքեր չկրկնուին»: Ան նաեւ մարդասիրական օժանդակութիւն առաջարկեց զոհերու ընտանիքներուն:
Բանակային աղբիւր մը հրետանիի նշանառութեան սարքերուն խանգարումին վերագրեց աղէտը եւ հաստատեց, թէ քննութիւն պիտի կատարուի:
Մահմուտ Ապպաս յայտարարեց, թէ դէպքը կը խոչընդոտէ խաղաղութեան բանակցութիւնները եւ աւելցուց, թէ Իսրայէլ պէտք է կրէ իր գործած նախճիրին հետեւանքները: