Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 7ին, Մոնթրէալի մէջ իր մահկանացուն կնքեց ազգային- յեղափոխական երգերու տարածման մէջ մեծ վաստակ ունեցող երգիչ Ճորճ Թիւթիւնճեան, 76 տարեկանին:
Ան ծնած է Հալէպ, Սուրիա, 1930ին: Զաւակն է երաժիշտ ծնողներու, որոնք երաժշտութեան սէրը փոխանցած են Ճորճին:
Ճորճ Թիւթիւնճեան եղած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտ եւ մարզիկ, հաւատացած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի գաղափարախօսութեան եւ գործած է «Բարձրացի՛ր, բարձրացո՛ւր» նշանաբանի ոգիով: 1960ական թուականներէն սկսեալ, ան իր յեղափոխական երգերով մեծ ոգեւորութիւն յառաջացուց յատկապէս պատանի եւ երիտասարդ սերունդին մօտ:
Հալէպի մէջ, Ճորճ Թիւթիւնճեան եղած է առաջին հայերէն երգող երգիչներէն: Ան կ’երգէր Սայեաթ Նովայէն, Կոմիտասէն, Աշուղ Չիւանէն:
1986ին, ընտանիքին հետ փոխադրուած է Մոնթրէալ, ուր շարունակած է երգել եւ այդպիսով սատարել հայ մշակոյթին:
Ճորճ Թիւթիւնճեան 2002ին հրապարակած է ազգային, յեղափոխական եւ տոհմիկ 60 երգեր պարփակող երկու խտասալիկ, բացատրելով. «Այս խտասալիկները կը նուիրեմ բոլոր անոնց, որոնք ներշնչուելով հայ ազգային եւ յեղափոխական երգերէն, կը սատարեն մեր ազգի վերելքին եւ գոյատեւման: Կը յուսամ, որ յաջողած ենք մեր առաքելութեան մէջ, որովհետեւ այսօր, մեր ազգային եւ յեղափոխական երգերը մնայուն ներկայութիւն են մեր տուներէն ներս եւ թափանցած են մեր սրտերուն ու հոգիներուն մէջ, որպէս պահանջատիրական պայքարի մղիչ ուժ: Հոս իմ երախտագիտութեան զգացումներս կ’ուզեմ յայտնել ձեզի, սիրելի ազգայիններ, որ 60 տարիներու ընթացքին, իմ բոլոր երգահանդէսներուն քաջալերեցիք զիս ձեր ներկայութեամբ եւ թիկունք կանգնեցաք իմ նախաձեռնութիւններուն»:
Մինչեւ իր մահը, ան իր երգերով շարունակեց սատարել հայ մշակոյթին, փառաբանելով մեր ազգի հոգեկան եւ բարոյական արժէքները, մղիչ ուժ հանդիսանալով հայ պատանիներուն եւ երիտասարդներուն:
Ան բազմիցս այցելած է Լոս Անճելըս եւ իր յեղափոխական երգերով խանդավառութիւն ստեղծած ազգային տօնախմբութիւններու ընթացքին: Իր վերջին այցելութեան, 2001ին, Փասատինայի մէջ տեղի ունեցած խրախճանքի մը առիթով, Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէն զինք պատուեց յուշամետալով, առ ի գնահատանք ազգային-յեղափոխական երգերու տարածման մէջ իր ունեցած վաստակին:
Ճորճ Թիւթիւնճեանի մահուան առիթով Կեդրոնական Կոմիտէն իր խոր ցաւակցութիւնները կը յայտնէ հանգուցեալի հարազատներուն: