ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը երիտասարդները քաղաքական կեանքի պատրաստելու համար հիմնած է Քաղաքականութեան հիմնարկ մը, որուն իբր դասախօս պիտի հրաւիրուին բազմաթիւ նշանաւոր անձնաւորութիւններ։ Զարմանալի է, որ հրաւէր ուղղուած է նաեւ գրականութեան Նոպէլեան մրցանակին տիրացած Օրհան Փամուքին։
Ցանկին մէջ կայ նաեւ այս տարուան Նոպէլեան խաղաղութեան մրցանակին տիրացած պանկլատէշցի տնտեսագէտ Մուհամմատ Եունուս։
Իբրեւ դասախօս հրաւիրուած ականաւորներուն մէջ կը գտնուին բեմադրիչ Սինան Չէթին, կատակերգակ Եըլմազ Էրտողան, իսկ առաջին դասախօսը պիտի ըլլայ արտաքին գործոց նախարար Ապտալլա Կիւլ: Դասախօսական շարքը պիտի փակուի վարչապետ Ռէչէփ Թայիփ Էրտողանի ելոյթով:
Կուսակցութեան Անգարայի մասնաճիւղի նախագահը յայտնեց, թէ մօտիկ ապագային յայտնի պիտի դառնայ, թէ Օրհան Փամուք պիտի մասնակցի՞, թէ ոչ։