Երեքշաբթի օր, Լիբանանի մէջ վերջ գտաւ փինկ փոնկի արաբական ակումբներու աղջկանց 18րդ ախոյեանութեան մրցաշարքը՝ վերջին երկու տարիներու ախոյեան Ահլիի (Եգիպտոս) եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի (Լիբանան) միջեւ։
Հ.Մ.Ը.Մ.ը վերջին երկու տարիներուն աւարտական մրցումներուն պարտուած էր Ահլիէն։
Աւարտականին, Հ.Մ.Ը.Մ. տարաւ վերջնական յաղթանակը՝ 3-1 արդիւնքով։ Հ.Մ.Ը.Մ.ի մարզիչն է Րաֆֆի Մունջօղլեան:
Հ.Մ.Ը.Մ.ի աղջիկները նախապէս երկու անգամ ախոյեան հանդիսացած էին 2002ին եւ 2003ին, իսկ վերջին երկու տարիներուն՝ փոխախոյեան։