Տօնական մթնոլորտ եւ եռուզեռ կը տիրէր Օրէնճ Քաունթիի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ, Կիրակի, 28 Յունուարի առաւօտուն։ Արդարեւ ծխական համայնքը, գլխաւորութեամբ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Հրանդ քհնյ. Երէցեանի, հոգաբարձութեան, երեսփոխանական կազմին, Տիկնանց միութեան եւ յարակից քոյր կազմակերպութիւններու եւ եկեղեցասէր ազնիւ բարերարներու, ձեռք ձեռքի տուած, յաջողապէս ամբողջացուցած էին վեց ամիսներ առաջ սկսած եկեղեցւոյ վերանորոգութեան տենդագին աշխատանքները եւ այժմ, անձկագին կը սպասէին օրհնութեան եւ վերընծայման պատարագին։