ԱՆԳԱՐԱ, «Ռոյթըրզ».- Թուրքիոյ վարչապետ Ռէչէփ Թայիփ Էրտողան Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 13ին յայտարարեց, թէ Անգարա կը քննէ Ֆրանսայի դէմ առնուելիք քայլերը, հակադարձելու համար Հայկական Ցեղասպանութիւնը ուրացողները պատժող օրինագիծը վաւերացնելու Ֆրանսայի խորհրդարանին Հինգշաբթի օրուան որոշումին:
Ան յայտնեց, թէ Ֆրանսայի հետ Թուրքիոյ առեւտուրը 10 միլիառ տոլարի կը հասնի, սակայն տնտեսագէտներ կը յայտնեն, թէ դէպի Թուրքիա ֆրանսական արտածումները Ֆրանսայի ընդհանուր արտածումներուն միայն 1.3 տոկոսը կը ներկայացնեն եւ Թուրքիոյ կողմէ որեւէ պատժամիջոց յատկանշական ազդեցութիւն չի կրնար ունենալ:
Անցեալին Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչցած երկիրներուն դէմ Թուրքիոյ որդեգրած տնտեսական պատժամիջոցները կարճատեւ եղած են ու յատկանշական արդիւնք չեն տուած:
Թրքական մեծ ընկերութիւնները եւս դէմ են Ֆրանսայի դէմ տնտեսական պատժամիջոցներ որդեգրելու քայլերուն, նկատի ունենալով, որ նման քայլ մը Ֆրանսայէն աւելի Թուրքիոյ վնաս պիտի հասցնէ:
Միւս կողմէ, թրքական մամուլը Ուրբաթ օր միաձայնութեամբ դատապարտեց Ֆրանսայի խորհրդարանին որոշումը, գործածելով «Մտածումի ցեղասպանութիւն», «Ամչցէ՛ք», «Ֆրանսայէն հարուած ազատութեան վրայ», «106 տանկալաքներ )անխելքներ)» (ակնարկելով բանաձեւին ի նպաստ քուէարկած 106 երեսփոխաններուն), «Թուրքին Նոպէլ, ֆրանսացիին՝ ամօթ», «Ֆրանսա Թուրքիոյ դէմ իր թշնամութիւնը անգամ մը եւս հռչակեց. Կեաւուրը բարեկամ չ՚ըլլար» եւ նման խորագրեր:
Թերթերը նաեւ հարց կու տան, որ եթէ կառավարութիւնը դէմ էր այս օրինագիծին, ապա ինչո՞ւ կառավարութեան կեցուածքը արտայայտող երեսփոխանները ներկայ չէին այս կարեւոր նիստին։