ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի ազգային ապահովութեան խորհուրդի քարտուղար եւ պաշտպանութեան նախարար Սերժ Սարգսեան Հոկտեմբեր 13ին ընդունեց ԵԱՀԿ երեւանեան գրասենեակի ղեկավար դեսպան Վլատիմիր Փրեախինը: Հանդիպման մասնակցեցաւ նաեւ ԵԱՀԿ Երեւանեան գրասենեակի տնտեսական եւ շրջակայ միջավայրի հարցերով պատասխանատու Ժանէթ Կլոցըր:
Ըստ պաշտպանութեան նախարարութեան հաղորդագրութեան, հանդիպման ընթացքին Վլատիմիր Փրեախին նախարարին ներկայացուց ԵԱՀԿ միջնորդութեամբ եւ միջազգային կազմակերպութիւններու կողմէ վերջերս կատարուած փորձաքննութիւններու արդիւնքները, համաձայն որոնց՝ ԼՂՀ որոշ շրջաններուն մէջ վերջին ամիսներուն բռնկած հրդեհները ունին բնակլիմայական պատճառներ եւ ատրպեճանական կողմէ միտումնաւոր հրկիզումներու մեղադրանքները անհիմն են: Ըստ շրջակայ միջավայրի պահպանութեան միջազգային կազմակերպութիւններու եզրակացութիւններուն՝ այդ գօտիներուն մէջ հակահրդեհային ամուր համակարգ ունենալը կենսական անհրաժեշտութիւն է:
Փրեախին ներկայացուց նաեւ Հայաստանի մէջ հրթիռային վառելիքի բաղադրիչներու պաշարներու վերացման երրորդ փուլին կատարուող աշխատանքներու ընթացքը եւ յայտնեց, որ ցարդ Հայաստանի մէջ վերամշակման ընդունուած 360.5 թոն խտանիւթէն վերամշակուած է 332.2ը, որու արդիւնքով ստացուած է մօտ 1900 թոն պարարտանիւթ: Բանակի օգնութեամբ պարարտանիւթը տեղափոխուած է Լոռիի մարզ եւ մարզպետարանի հսկողութեամբ անվճար տրամադրուած է աղքատ հողեր ունեցող գիւղացիներուն:
Հանդիպման աւարտին Ս. Սարգսեան Վ. Փրեախինը, Ժ. Կլոցըրը պարգեւատրեց «Մարշալ Բաղրամեան» շքանշանով: