Քանի մը օր առաջ կարդացի թուրք պատմաբան Թանէր Ագչամի վերլուծումը, թէ ինչո՞ւ Թուրքիա դժուարութիւն կ՚ունենայ ճանչնալու Հայկական Ցեղասպանութիւնը։ Ագչամ կը բացատրէ թուրք պետութեան եւ ազգայնականութեան մտային հոգեվիճակը, ուր իրենք չեն ուզեր գերմանացիներուն նման նախատինքի ենթարկուիլ եւ որպէս ազգ նացի գերմանացիներուն մակարդակին իջնել։ Երկրորդ՝ թուրքերը իրենք զիրենք կը նկատեն փիւնիկ մը, որ հայկական մոխիրներուն վրայէն յարութիւն առնելով բարձրացաւ։
Կ՚ուզեմ յստակացնել, թէ այս խօսքերը չեն ուղղուած Թանէր Ագչամի, որուն հանդէպ յարգանք ունիմ, որպէս առաջին թուրք պատմաբանը, որ Հայկական Ցեղասպանութիւնը գիտակցելով, հալածանքի ենթարկուեցաւ։
Ուրեմն թուրքերը չեն ուզեր նացի գերմանացիներուն մակարդակին իջնելով, նախատանքի ենթարկուիլ։ Անոնք երբեք քաջութիւնը ունեցա՞ծ են տեսնելու, թէ գերմանացիները ընդունելով հրէական ողջակիզումը եւ հատուցում տալով, ոչ թէ նախատինքի՝ այլ գնահատանքի արժանացան քաղաքակրթուած աշխարհին կողմէ։ Նացի գերմանացիներուն թոռներն ու ժառանգորդները գիտակցութիւնը ունեցան ընդունելու իրենց նախնիներուն սխալները, որպէսզի հաշտուելով իրենց անցեալին հետ, կարենան անխղճախայթ դիմագրաւել ապագան։ Եւ եթէ դուք ալ նոյն քաջութիւնն ու գիտակցութիւնը ունենաք, ոչ թէ անոնց մակարդակին իջած՝ այլ այդ նոյն մակարդակին բարձրացած ըլլալով, ձեր այնքան փայփայած եւրոպական համայնքէն ներս մտնելու ճիգերուն մէջ ապացուցած՝ թէ դուք ալ քաղաքակրթուած ազգ մը ըլլալու տուեալները ունիք։
Երկրորդ, փիւնիկը ազնուական թռչուն մըն է եւ ան ճանչցուած է որպէս իր մոխիրներուն վրայէն յարութիւն առնելով վեր բարձրացող թռչուն՝ բայց երբեք ուրիշին մոխիրներուն վրայէն։ Հայ ազգն է, որ իր մոխիրներէն բարձրանալով կրցաւ իր վէրքերը բուժել եւ ամէն դժուարութիւններ յաղթահարելով, կրցաւ հայրենիք կերտել ու ապացուցել աշխարհին իր իսկական փիւնիկի յատկութիւնը։ Այո, դուք հայերու մոխիրներուն վրայ հիմնեցիք ձեր ներկայ հայրենիքը, մոխիրի վերածելով շէն երկիր մը, որ հայերունն էր։ Այո, դուք հայերու մոխիրներուն վրայէն ստեղծեցիք ներկայ Թուրքիան, սպաննելէ ետք մէկուկէս միլիոն անմեղներ եւ մոխիրներու մէջ ձգելով անոնց մնացորդացը։ Այս արարքները գործադրող եւ տակաւին ուրացման տիղմէն դուրս ելլելու ձգտում մը չցուցաբերող ազգ մը ինչպէ՞ս յաւակնութիւնը կ՚ունենայ ինքզինք փիւնիկի նմանցնելու։ Աւելի ճշգրիտ բաղդատական մը չէ՞ր ըլլար արդեօք, գիշատիչ թռչուն մը կամ գազան մը։
Ներկայիս ամէնէն կարեւորն ու դրականը թուրք պետութեան եւ ժողովուրդին համար կ՚ըլլայ այն, որ կարենան ձերբազատուիլ այս հիւանդագին եւ ժխտական մեծամտութեան հոգեբանութենէն։ Եւ հաւատացէք, թէ այն ատեն ամէն ինչ շատ աւելի կը դիւրանայ իրենց եւ բոլորին համար։ Իսկ եթէ տակաւին շարունակեն յամառաբար կառչիլ «փիւնիկ»ի այդ կեղծ ու կործանիչ հոգեբանութեան, այդ պարագային հարց մը կը ծագի։ Յաջորդին արդեօք ո՞ր ժողովուրդին մոխիրներուն վրայէն պիտի վեր բարձրանան։ Քի՞ւրտ ժողովուրդին, թէ անհեռատես Եւրոպային։