ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Յունիս 30ին, Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ հայ բժիշկներու միջազգային երկրորդ խորհրդաժողովը, ուր պիտի քննուին Հայաստանի եւ Արցախի առողջապահութեան առնչուող արդի խնդիրները եւ ծրագիրները: Այս մասին յայտնեցին առողջապահութեան նախարարութենէն եւ նշեցին, որ խորհրդա-ժողովի նպատակն է ամրապնդել զանազան երկիրներու հայ բժիշկներու գործակցութիւնը:
Նշենք, որ Հայաստանի առողջապահութեան ոլորտի մասնագէտները երկու տարին անգամ մը աւանդաբար կը մասնակցին Հայ բժշկական համաշխարհային վարչութեան կողմէ կազմակերպուող աշխարհի հայ բժիշկներու խորհրդաժողովին՝ ներկայացնելով բնագաւառի վերջին նորութիւնները: