ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայոց բանակի հիմնադրութեան 15ամեակին նուիրուած ձեռնարկները պիտի սկսին Յունուար 26ին՝ Գ. Սունդուկեանի անուան ազգային ակադեմական թատրոնին մէջ նախատեսուած համերգ-ներկայացումով:
Պաշտպանութեան նախարարութեան բանբերներէն փոխգնդապետ Մանուկ Մանուկեան յայտնեց, որ Յունուար 28ին Ալ. Սպեդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ակադեմական թատրոնին մէջ պաշտօնապէս պիտի նշուի հայոց բանակի հիմնադրութեան 15ամեակը:
Բանակին նուիրուած ձեռնարկներ տեղի պիտի ունենան նաեւ տարուան ընթացքին: Սպաները հիւրը պիտի ըլլան «Ծիծաղի տուն» հաղորդաշարին: Տօնական տասնօրեակի ընթացքին արուեստագէտները պիտի շրջին բանակի զանազան զօրամասեր, ուր ելոյթներ պիտի ունենան զինուորներուն համար: Հեռատեսիլէն պիտի կազմակերպուի հաղորդումներու շարք, պիտի հրաւիրուին փոխնախարարները, բանակի պատմութեան մասին դասաժամեր պիտի կազմակերպուին դպրոցներուն եւ բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններուն մէջ, պիտի ըլլան հանդիպումներ սպայական կազմի եւ զինուորներու հետ, պիտի կազմակերպուին զինուորներու եւ ծնողներու տեսակցութիւններ:
Արցախի մէջ եւս մեծ շուքով պիտի նշուի հայոց բանակի հիմնադրութեան 15ամեակը: ԼՂՀ պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Սենոր Հասրաթեան նշեց, որ արդէն իսկ զօրամասերուն մէջ տեղի կ’ունենան ձեռնարկներ: Յունուար 28ին, ԼՂՀ բանակի օրը պիտի սկսի պաշտօնական հաւաքով: Զինուորներուն հետ հանդիպումներ պիտի կազմակերպուին, պիտի ներկայացուի հայրենիքի համար պայքարող բանակի յաղթական ուղին: ԼՂ համերգային խումբերը պիտի այցելեն զօրամասեր եւ պիտի կազմակերպուին տեսակցութիւններ: