29 Նոյեմբեր 2006ին, Արժանթինի խորհրդարանը վաւերացուց թիւ 5261 օրինագիծը, որով եւ Ապրիլ 24ը կը նշուի որպէս «Ժողովուրդներու միջեւ հանդուրժողութեան եւ յարգանքի օր»ի յիշատակ հայ ժողովուրդի Ցեղասպանութեան։ Առաջարկը, որ եղած էր Արժանթինի նախկին արտաքին գործոց նախարար եւ ներկայիս փերոնական Ֆրենթէ Փարա լա Վիքթորիա նախագահ Նեսթոր Քիրշների հետեւող հոսանքի պատգամաւոր Ռաֆայէլ Պիելսայի կողմէ, անցաւ ներկայ 177 պատգամաւորներէն 175ի դրական քուէով եւ երկու ձեռնպահութեամբ։ Անհրաժեշտ է, որ նոյն ծրագիրը վաւերացուի նաեւ Ծերակոյտին կողմէ, որպէսզի օրէնքը մտնէ ուժի մէջ։ Այդուհանդերձ, ե՛ւ Արժանթինի, ե՛ւ հարաւամերիկեան տարածաշրջանի, ե՛ւ միջազգային տարողութեամբ արժանթինեան խորհրդարանի որոշումը արդէն կարեւոր յանձնառութիւն կրնայ ստեղծել։
Առաջին անգամ չէ, որ Արժանթինի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման օրէնք կ’ընդունուի։ Նման նախաձեռնութիւն մը յաջողութեամբ պսակուած էր 1995ին։ Մինչ այդ, 1983ին վերահաստատուած ժողովրդավարութեան ոլորտին մէջ Հայ Դատի աշխատանքները զգալի կերպով աշխուժացած էին ե՛ւ օրէնսդիր, ե՛ւ գործադիր իշխանութիւններու մակարդակով։ 1985-1995 տարիներուն, արժանթինեան խորհրդարանի եւ Ծերակոյտի մէջ տեղի ունեցած էին Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման ճիգերուն զօրակցող յայտարարութիւններ եւ յարգանքի մատուցում զոհերու յիշատակին։ Հայ Դատի աշխատանքներուն համար ի մասնաւորի յատուկ կարեւորութիւն ունեցած էր 1987 Սեպտեմբեր 3ին նախագահ Ռաուլ Ալֆոնսինի հրապարակային յայտարարութիւնը, որով եւ Արժանթինի նախագահը ֆրանսացի իր գործընկեր Ֆրանսուա Միթերանէն յետոյ վերածուեցաւ երկրորդ պետական թիւ մէկ անձնաւորութեան, որ բացայայտօրէն կը ճանչնար Հայոց Ցեղասպանութիւնը։ Այդ տասնամեակի Հայ Դատի զարգացումները սպասելիօրէն յառաջացուցին թրքական հակազդեցութիւն, սակայն, խորքին մէջ, այս բոլոր յայտարարութիւնները յատուկ յանձնառութեան տակ չէին դներ երկրի պետութիւնը։ Աւելի՛ն, արտաքին գործոց նախարարութիւնը արթուն կը հսկէր Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները բնական ոլորտի մէջ պահելու եւ զգայնութիւններ շրջանցելու համար։
1995ին, սակայն, որպէս հետեւանք Հայ Դատի Յանձնախումբի հետեւողական ճիգին, երկրի օրէնսդիր մարմինը, իմա՛՝ խորհրդարան եւ Ծերակոյտ, վաւերացուց Ապրիլ 24ը մարդկութեան դէմ անմարդկայնութեան դատապարտման օր յայտարարելու մասին օրէնք մը։ Նմանօրինակ նախաձեռնութիւններ օրին բազմացած էին աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ, ուր Հայ Դատի յանձնախումբեր կը գործեն։ Օրէնքի վաւերացումով Արժանթին նախընթաց մը կը ստեղծէր։ Օրէնքը լոյս տեսաւ «Պոլեթին օֆիսիալ»ին մէջ՝ հաստատագրելով անոր վաւերացումը, սակայն յաջորդ օրն իսկ նախագահ Քարլոս Սաուլ Մենեմ վեթոյի ենթարկեց զայն։ Նախագահական վեթոն կը պատճառաբանէր, որ օրէնքի տրամադրութիւնները արդէն կը գործադրուին Մարդկային իրաւանց միջազգային օրուան մասին օրէնքով։ Գաղտնիք չէր, սակայն, որ գործադիր իշխանութիւնը տեղի տուած էր թրքական ճնշումներուն առաջ։ Աւելի՛ն, օրին թրքական պատուիրակութիւն մը այցելեց Արժանթին եւ պատուիրակութեան նախագահը հրապարակային կերպով յայտարարեց, որ եկած էին շնորհակալութիւն յայտնելու վեթոյին համար։
Օրին, գրեթէ սպասելի էր թրքական հակազդեցութեան դրական արդիւնաւորումը։ Նախ որովհետեւ ԱՄՆի քաղաքականութեան կառքին լծուած Մենեմի կառավարութեան համար առաջնահերթ էին երկրին տնտեսական նորազատական գործընթացն ու միջազգային առեւտրական յարաբերութիւնները։ Մենեմ այն նախագահն էր, որ ի խնդիր «հաշտութեան» եւ հակառակ հանրային կարծիքի կտրուկ ընդդիմութեան, ներում շնորհած էր 1976-1983 թուականներու զինուորական բռնատիրութեան պատասխանատուներուն, որոնք, 1985ին դատի ենթարկուած էին մարդկային իրաւանց բռնաբարումներու, ընդ որում՝ 30 հազար «անհետացածներ»ու մեղադրանքով։ Ճիշդ է, Մենեմի նախագահութեան օրերուն կարեւոր յառաջընթաց արձանագրուեցաւ մարդկային իրաւանց մարզին մէջ, սակայն ամէն պարագայի, այն յատուկ զգայնութեան կամ յանձնառութեան խնդիր չեղաւ երբեք։ Երկրորդ, թրքական կառավարութիւնն ալ յաւելեալ ճիգ եւ ուշադրութիւն դարձուց Արժանթինի ուղղութեամբ եւ յաջողեցաւ քաղաքական կարգ մը շրջանակներու մօտ շահագրգռութիւն յառաջացնել արժանթինա-թրքական առեւտուրի զարգացման հեռանկարին նկատմամբ։ Երրորդ, այդ տարիներուն Հայաստանի մէջ իշխանութեան գլուխ գտնուող Լեւոն Տէր Պետրոսեանի կառավարութեան համար Ցեղասպանութեան հարցը գրեթէ խոչընդոտ էր արտաքին քաղաքական ծրագիրներուն։ Հետեւաբար, որքան ալ որ Հայ Դատի աշխատանքները բազմանային Սփիւռքի տարածքին, կը բացակայէր Երեւանի առնուազն խանդավառութիւնը՝ արձանագրուած յաջողութիւններուն համար։ Տէր Պետրոսեանական իշխանախաւի Ցեղասպանութեան հարցով կեցուածքն ու քաղաքականութիւնը (կամ անոր բացակայութիւնը…) ժխտական անդրադարձ ունեցաւ Սփիւռքի մէջ, այն իմաստով, որ շփոթ ստեղծեց Հայ Դատի աշխատանքներուն շուրջ։ Արդիւնքով ալ, պէտք է ընդունիլ, Մենեմի վէթոն յատուկ հակազդեցութիւն չյառաջացուց Արժանթինի հայ համայնքի շրջանակներուն մէջ, որոնք նախընտրեցին շարունակել օրուան իշխանութիւններու հակադրումը ընդհանրապէս բացառելու աւանդական կեցուածքը։
Թիւ 5261 օրինագիծին բնոյթը տարբեր է 1995ի օրէնքէն։ Նախ որովհետեւ օրինագիծի առաջին յօդուածը կոչ կ’ուղղէ «հայ ժողովուրդի Ցեղասպանութեան յիշողութիւնը վերածել մնայուն դասի՝ ներկայի եւ մեր ապագայի պարտականութիւններուն համար»։ Ապա, որովհետեւ երկրորդ եւ երրորդ յօդուածները թոյլ կու տան պետական բոլոր մարմիններուն մէջ գործող հայ ծագումով անհատներուն եւ պետական դպրոց յաճախող հայ ծագումով աշակերտներուն Ապրիլ 24ի օրը բացակայիլ։ Օրէնքի ուժի մէջ մտնելու պարագային, այս յօդուածներէն իւրաքանչիւրին տրամադրութիւնը յատուկ նշանակութիւն ունի Հայ Դատի աշխատանքներուն եւ համայնքի, իմա՛՝ Սփիւռքի, զարգացման համար, եթէ, անշուշտ, ճիշդ կերպով վերլուծուի եւ, մասնաւորաբար, յանձնառութեան գիտակցութիւն ստեղծէ Սփիւռքի հայութեան եւ ընդհանրապէս հայութեան մօտ։
Այսպէս, 1995-2005 տարիներուն Արժանթինի քաղաքական եւ հասարակական գործընթացը կարեւոր զարգացում ապրեցաւ։ Իննսունական թուականներու նորազատական քաղաքականութեան սնանկացումն ու անոր հետեւանք ընկերա-տնտեսական տագնապը 2002ին իշխանութեան գլուխ բերին մարդկային իրաւանց հարցով էապէս յանձնառու քաղաքական անձնաւորութիւններ, որոնց անցեալը սերտօրէն առնչակից է զինուորական բռնատիրութեան դէմ եւ ժողովրդավարութեան վերահաստատման ի խնդիր պայքարին։ Փաստօրէն, այս իշխանութիւններն են որ չեղեալ համարեցին մեղադրուած զինուորականներու դէմ ներման օրէնքները։ Աւելի՛ն, մարդկային իրաւունքները, ընդ որում յատկապէս «Յիշողութեան իրաւունք»ի մը միջազգայնացումը, մաս կը կազմեն Արժանթինի ներկայ արտաքին քաղաքականութեան, եւ, պէտք է աւելցնել, կը վայելեն ե՛ւ իշխանութիւններու, ե՛ւ ընդդիմութեան զօրակցութիւնը։ Կարելի է ըսել, որ մարդկային իրաւանց հարցերով համախոհութիւն կայ արժանթինեան քաղաքական շրջանակներուն մէջ ի՛նչ ալ ըլլայ անոնց կուսակցական կամ գաղափարախօսական հակումը։ Հետեւաբար, պատահականութեան արդիւնք չէ, որ խորհրդարանին մէջ ներկայացուած հինգ քաղաքական հոսանքներու պատասխանատուները ելոյթ ունեցան օրինագիծի ներկայացման նիստին, եւ, յարգելով նախապէս իրենց ստանձնած յանձնառութիւնը, օրինագիծի զօրակցութեան յստակ պատգամներ յղեցին պատգամաւորներուն։
Օրինագիծի գրեթէ միաձայն քուէարկութիւնը իր կարեւորութիւնը կը ստանայ յատկապէս թրքական քաղաքականութեան աշխուժացման պայմաններուն մէջ։ Արդարեւ, անցնող տարուան ընթացքին, երբ օրինագիծի պատրաստութեան ու ներկայացման ուղղութեամբ Հայ Դատի Յանձնախումբի աշխատանքները արդէն յայտնի դարձած էին, Արժանթինի թրքական դեսպանատունը բազմացուց իր հանրային յարաբերութիւնները եւ յաջողեցաւ այսպէս կոչուած Թուրք-արժանթինեան բարեկամութեան խումբ մը ստեղծել։ Այդ խումբը գլխաւորող պատգամաւոր Փաթրիսիա Ֆատել ճիգ չխնայեց օրինագիծը խորհրդարանի օրակարգէն դուրս ձգելու ուղղութեամբ, եւ յաջողեցաւ, օրինակի համար, հարցի քննարկումը, որ նախատեսուած էր Նոյեմբեր 16ին յետաձգել տալ։ Թրքական եւ Թուրքիոյ համակիր փոքրաթիւ քաղաքական անձնաւորութիւններու ազդեցութեան չէզոքացման համար Հայ Դատի Յանձնախումբը դիմեց ոչ միայն պատգամաւորներուն, այլ նաեւ երկրի հանրածանօթ մտաւորականներուն, ինչպէս համալսարանի դասախօս Խուան Կապրիէլ Թոքաթլեան եւ հրապարակագիր Խորխէ Ռուիյոն, որոնց յօդուածները եւ ձայնասփիւռային յայտագիրներէ ելոյթները իրենց անդրադարձը ունեցան պատգամաւորներու դիրքորոշման վրայ։
Մասնաւորաբար կարեւորուեցաւ հայ համայնքի զօրաշարժը, եւ յատկապէս www.ian.co կայքէջի համագործակցութեամբ Հայ Դատի Յանձնախումբի ե-նամակարշաւը, որ երկու օրերու ընթացքին պատգամաւոր Ֆատելի հակա-օրինագիծ դիրքորոշումը դատապարտող 4500 ե-նամակներ ուղարկեց ենթակային եւ մնացեալ պատգամաւորներուն։ Անկախ այս իւրայատուկ իրողութենէն, կասկած չկայ որ այս օրէնքին նկատմամբ համայնքի ցուցաբերած հետաքրքրութիւնն ու յանձնառութիւնը շատ աւելի է, քան 1995ին։ Արդարեւ, 2001-2002 տարիներու տագնապին յաջորդած արժանթինեան քաղաքական գոծընթացին մէջ զգալիօրէն աւելցած է հայորդիներու գործօն մասնակցութիւնը։ Ոչ միայն երկրի օրէնսդիր եւ գործադիր իշխանութիւններու մակարդակով, շատ աւելի է հայ ծագումով անհատներու ներկայութիւնը պետական պաշտօններու վրայ, այլ հասակ առնող արդէն չորրորդ հայ սերունդը վերանորոգ հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերէ քաղաքականութեան եւ քաղաքական ասպարէզին նկատմամբ։ Ահա թէ ինչո՛ւ յօդուածին երկրորդ եւ երրորդ կէտերը գրեթէ խորհրդանշական են միաժամանակ ե՛ւ իր կեթթոյացումէն դուրս եկող հայ համայնքի մը քաղաքական յանձնառութեան, ե՛ւ բազմազանութեան շատ աւելի հակում ցուցաբերող արժանթինեան հասարակութեան։ Օրէնքը, այս իմաստով, ցուցանիշ է սփիւռքեան զարգացման հոլովոյթին։
Թիւ 5261 օրինագիծը, եթէ օրէնքի վերածուի, կրնայ արձագանգ ունենալ հարաւամերիկեան տարողութեամբ։ Ուրուկուէյի, Պրազիլի, Վենեզուէլլայի եւ Չիլիի մէջ կան առաւել կամ նուազ կազմակերպական մակարդակներ նուաճած հայ համայնքներ։ Այս երկիրներուն մէջ այսօր իշխանութեան վրայ գտնուող քաղաքական ուժերը բոլորն ալ արժանթինեան օրուան իշխանութիւններուն չափ զգայուն են եւ յանձնառու մարդկային իրաւանց առնչակից հարցերուն։ Այս, անշուշտ, առանձինն բաւարար չէ նոյնատիպ օրէնքներ անցկացնելու։ Անհրաժեշտ է տեղւոյն հայ համայնքներու աշխուժացումը։ Այդ մէկը կը դիւրանայ, եթէ մէկ կողմէ հարաւամերիկեան հայ համայնքներն ալ հետեւին Եւրոպայի հայութեան համարկման բնորդին եւ սկսին մտածել տարածաշրջանային մասշտապով, եւ, միւս կողմէն, եթէ կարենան ի վերջոյ իրենց տեղը ամրակայել Սփիւռքի, եւ ընդհանրապէս հայութեան, աշխարհաքաղաքական իրավիճակին մէջ, դուրս գալով իրենց յարաբերական մեկուսացումէն։
Այս կէտը ի մասնաւորի բարացուցական է թիւ 5261 օրինագիծի վերլուծման վերջին երեւոյթին, որ օրինագիծին տեղադրումն է միջազգային ներկայ ոլորտին մէջ։ Արդարեւ, օրինագիծի անցկացումը կու գայ Ֆրանսայի մէջ Ցեղասպանութեան մերժումը քրէականացնող հանրածանօթ օրինագիծի ընդունումէն անմիջապէս ետք։ Երկու իրադարձութիւններուն միջեւ օրգանական կապ չկայ, բայց անկարելի է անոնց միացնող ներքին տրամաբանութիւնը անտեսել։ Թուրքիա եւ Ատրպէյճան առնուազն գիտակից են այդ ներքին տրամաբանութեան ուժին ու միջազգային ներգործութեան։ Պատահական չէ, որ Ֆրանսայի մէջ օրինագիծի անցնելէն ետք Իլհամ Ալիեւ յայտարարեց Լոս Անճելըսի եւ Պուէնոս Այրէսի մէջ ատրպեճանական հիւպատոսարան բանալու մասին՝ հակազդելու համար հայ համայնքներու քաղաքական աշխուժութեան։ Լոս Անճելըսի հայ համայնքին գործօն ըլլալու մասին իմանալու համար մասնաւոր ճիգ պէտք չկայ։ Բայց ո՞վ, եթէ ոչ թրքական կառավարութիւնը յուշած է Ալիեւի՝ Պուէնոս Այրէսի մասին… Հետեւաբար, եթէ ցեղասպան պետութիւնն ու անոր դաշնակից-արենակից Ատրպէյճանը Սփիւռքի աշխուժացման մէջ կը տեսնեն իրադարձութիւններու ներքին տրամաբանութեան շաղկապուածութիւն եւ այդ նկատառութեամբ ալ կը ներդաշնակեն իրենց քաղաքականութիւնը, Սփիւռքի համայնքները իրենք իրաւունք չունին անտեսելու համահայկական ճիգերու ներդաշնակման հրամայականը։
Այլ խօսքով, 1990ական թուականներու աւարտին սկիզբ առած սփիւռքեան աշխուժացումը Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման, Աղէտի պատմական ճշմարտութեան պաշտպանութեան, եւ մինչեւ իսկ արդարահատոյցի պահանջատիրութեան ուղղութեամբ արդէն ծաւալելու սկսած է իրեն յատուկ տինամիզմը, որուն զարգացման համար կենսական դարձած է համահայկական, Սփիւռք եւ հայրենիք հորիզոնական ճիգերու բազմացումն ու ներդաշնակումը։ Համահայկական այս ճիգը Ցեղասպանութեան արդարահատոյցի հարցով աւելի է, քան պետական քաղաքականութիւնը, որ, պարզ է, կրնայ իր տրամաբանութիւնն ու ազգային շահի հաշուարկի իր տեսանկիւնը ունենալ, բայց, ամէն պարագայի, գոնէ այս հանգրուանին, չի կրնար, ոչ ալ պէտք է իր հակակշռին տակ առնել Ցեղասպանութեան արդարահատոյցի համահայկական ճիգը։