ԵՐԵՒԱՆ, «Ազգ».- Հանրային հեռատեսիլի այս տարուան ամանորեայ ծրագրով ցուցադրուեցաւ Արեւմտեան Հայաստանի մասին պատմող «Կորուսեալ հայրենիք» շարժանկարը, ուր նկարահանուած էին Արարատը, Կարսը, Անին, Վանը, կորուսեալ հայրենիքի ամբողջ տարածքը:
«Կորուսեալ հայրենիք»ի բեմադրիչն է Հայկ Յարութիւնեան, բեմագրութեան հեղինակը՝ Արմինէ Յարութիւնեան, նկարահանողը՝ Յակոբ Կարանֆիլեան: