ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Գիւղատնտեսութեան նախարար Դաւիթ Լոքեան Փետրուար 6ին ընդունեց Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Սերժ Սմեսովը եւ Սուրիոյ գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատար Մուհամատ Ուաէլ Տերքին, անոնց հետ քննելով գիւղատնտեսութեան առնչուող նիւթեր:
Ֆրանսայի դեսպանին հետ հանդիպման ժամանակ, կողմերը անդրադարձան գիւղատնտեսութեան մէջ հայ-ֆրանսական գործակցութեան ներկայ վիճակին եւ զարգացման հեռանկարներուն: Իբրեւ գործակցութեան լաւագոյն օրինակ նշուեցաւ ֆրանսական «Փեռնօ Ռիքար» ընկերութեան գործունէութիւնը Հայաստանի մէջ: Հեռանկարային համարուեցաւ նաեւ գործակցութիւնը խաղողագործութեան, գինեգործութեան եւ անասնաբուծութեան բնագաւառներուն մէջ:
Լոքեան տեղեկացուց դեսպանին, որ արդէն աշխատանքներ կը կատարուին Մարտ 3-11ին Փարիզի մէջ նախատեսուած գիւղատնտեսական միջազգային ամէնամեայ ցուցահանդէսին մասնակցելու ուղղութեամբ:
Դեսպան Ս. Սմեսով իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց անհրաժեշտ աջակցութիւն ցուցաբերելու գիւղատնտեսութեան մէջ հայ-ֆրանսական գործակցութեան աշխուժացման ուղղութեամբ:
Սուրիացի դիւանագէտ Մուհամատ Ուաէլ Տերքիի հետ հանդիպման ժամանակ եւս նոյն հարցերը քննուեցան:
Ընդգծուեցաւ յառաջիկայ Մարտին Դամասկոսի մէջ նախատեսուող առեւտրատնտեսական եւ գիտաարհեստագիտական հարցերով հայ-սուրիական միջկառավարական յանձնաժողովի հերթական նիստի գումարումը, որուն համանախագահն է գիւղատնտեսութեան նախարար Դ. Լոքեանը: Նախատեսուած է միացեալ նիստի ընթացքին քննել տնտեսական, գիտական, մշակութային բնոյթի հարցեր եւ ստորագրել շարք մը երկկողմանի համաձայնագիրներ: