ԹԵՀՐԱՆ, «Ռոյթըրզ».- Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մուհամմատ Ալի Հոսէյնի Հինգշաբթի, Յունուար 11ին խստօրէն դատապարտեց «հրահրի»չ այն յարձակումը, որ նոյն օրը գործադրուած էր ամերիկեան ուժերու կողմէ, հիւսիսային Իրաքի քրտական Արպիլ քաղաքի իրանեան հիւպատոսարանին վրայ:
Արդարեւ, ամերիկացի զինուորներ հիւպատոսարանէն ներս խուժելով ձերբակալեցին վեց պաշտօնեաներ, ինչպէս նաեւ գրաւեցին համակարգիչներ ու փաստաթուղթեր, խախտելով միջազգային տարրական շարք մը օրէնքներ։
Իրանցի պաշտօնատարը շեշտեց, թէ նման արարքներ ոչ մէկ ձեւով վնաս պիտի հասցնեն Իրան-Իրաք սերտ յարաբերութեանց եւ աւելցուց, թէ դիմած է Իրաքի իշխանութիւններուն, որ այս միջադէպը հետապնդեն ու ապահովեն պաշտօնեաներուն անմիջական ազատ արձակումը:
Ամերիկեան աղբիւրներ հաստատեցին, թէ վեց հոգի ձերբակալուած է Արպիլի մէջ տեղի ունեցած գործողութեան մը ընթացքին, սակայն մերժեցին յայտնել, թէ անոնք իրանցիներ են, կամ ոչ:
Պաղտատի մէջ իրանցի դիւանագէտ մը նախապէս հաղորդած էր, թէ հինգ հոգի ձերբակալուած է հիւպատոսարանին մէջ:
Դեկտեմբեր 27ին եւս ամերիկեան ուժեր երկու իրանցիներ ձերբակալած էին Պաղտատի մէջ, որոնք աւելի ուշ յանձնուած էին իրանցի դիւանագէտներու: