ՄԱԿ, «Ռոյթըրզ».- ՄԱԿի աղբիւրները Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 13ին հաղորդեցին, թէ կարելի եղած է նախնական համաձայնութիւն մը գոյացնել Հիւսիսային Քորէայի դէմ առնուելիք պատժամիջոցներու հարցով, երբ Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցչութիւնը ընդունած է պատժամիջոցները մեղմացնելու Չինաստանի եւ Ռուսիոյ առաջարկները:
Ըստ դիւանագէտներուն, բանաձեւին մէջ յստակօրէն պիտի նշուի, թէ հիւլէական ռումբի փորձարկում կատարած ըլլալուն համար պատժուող Հիւսիսային Քորէայի դէմ ռազմական քայլեր պիտի չառնուին, այլ պարզապէս պիտի խստացուին արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող շրջափակման պայմանները:
Ըստ նոր պայմաններուն, Հիւսիսային Քորէայէն ճամբայ ելլող եւ հոն հասնող բոլոր փոխադրանաւերը պիտի խուզարկուին, վստահ ըլլալու համար, որ հիւլէական նիւթեր կամ երկար հասողութեամբ հրթիռներու կտորներ չեն փոխադրուիր:
Հիւսիսային Քորէայի իշխանութիւնները այս շաբթուան ընթացքին սպառնացին, որ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ որեւէ պատժամիջոց «պատերազմական արարք» պիտի նկատէ: