Անցեալ շաբաթ, չորս քոնկրէսականներու կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւի Քոնկրէս ներմուծումով, ինչպէս նաեւ այս հարցով Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ապտալլա Կիւլի եւ խումբ մը թուրք խորհրդարանականներու Ամերիկա այցելութեամբ, հայ-թրքական յարաբերութիւններու «ամերիկեան» ճակատին վրայ գոյութիւն ունեցող չյայտարարուած զինադուլը վերջ գտաւ:
Հայ-թրքական յարաբերութիւններու «ռազմաճակատի» գիծ, իր իւրայատուկ «խրամատներով», գոյութիւն ունի Սփիւռքի իւրաքանչիւր անկիւն, հոն, ուր կազմակերպուած հայութիւն կ’ապրի: Նման խրամատներ կան Փարիզի մէջ, Մոսկուայի մէջ, Պրիւքսէլի մէջ, եւ անշուշտ՝ Ուաշինկթընի մէջ:
Կիւլի Ամերիկա այցելութեան օրակարգի կէտերէն մէկը նոյնինքն Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւն է, զոր պարտութեան մատնելու համար բացայայտօրէն կ’աշխատի եւ այդ ուղղութեամբ կը յայտարարէ Պուշի վարչակազմը, բացէ ի բաց մեղսակից դառնալով Թուրքիոյ ուրացման քաղաքականութեան:
Անգարայի մէջ ԱՄՆ դեսպան Ռ. Ուիլսընի եւ պետական քարտուղարի օգնական եւ Մինսքի խումբի ամերիկացի համանախագահ Մ. Պրայզայի յայտարարութիւնները ասոր վառ ապացոյցներն են:
Պրայզա կը գործածէ այս վարչակազմին յատուկ մարտավարութիւնը, որ բազմիցս օգտագործուած է ամերիկեան հանրային կարծիքը այլ խնդիրներու մէջ եւս «մշակելու» համար: Այդ ալ սարսափ ազդելու զէնքն է. ըստ Պրայզայի, բանաձեւի որդեգրումը «ահաւոր հարուած» (նկատեցի՞ք, ոչ միայն հարուած, այլեւ… ահաւո՛ր հարուած) պիտի ըլլայ Ուաշինկթըն-Անգարա յարաբերութիւններուն: Լուրը կարդալու ընթացքին պահ մը շուարեցանք՝ սարսափեցնողը եւ սպառնացողը Կի՞ւլն է, թէ պետական քարտուղարութիւնը: Մինչեւ հիմա վարժուած էինք, որ նման կացութիւններու մէջ Թուրքիա ի՛նք սպառնալիքներ տեղացնէ տուեալ երկրի մը հասցէին: Հիմա, բացայայտօրէն, Անգարա եւ Պուշի վարչակազմը զինակցած են այս հարցով:
Եւ ուրեմն՝ «կռիւ» հեռաձայններով, ի-մէյլներով, նամակներով, հանրային հաւաքներով, «ռազմաճակատի» բոլոր խրամատներէն: Իւ-րա-քան-չիւր ամերիկահայ զինք ներկայացնող քոնկրէսականին գրասենեակը պէտք է «ռմբակոծէ» հեռաձայններով կամ նամակներով, պահանջելով, որ ան զօրակցի Ցեղասպանութեան բանաձեւին: Կռիւ է. ժողովրդայի՛ն կռիւ: Զինադուլ չկա՛յ: