ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը երէկ հաղորդագրութեամբ մը ողջունեց ծերակուտական Ռապըրթ Մենենտէզի (Դ., Նիւ Ճըրզի) կողմէ Ռիչըրտ Հոկլընտի դեսպան նշանակումին դէմ կասեցման քայլը:
Ծանօթ է, որ Մենենտէզ անցեալ տարի կասեցուցած էր Հոկլընտի նշանակումը, եւ միայն քանի մը օր առաջ, Երեքշաբթի, նախագահ Ճորճ Պուշ դարձեալ առաջադրած էր անոր անունը՝ իբրեւ Հայաստանի մէջ Ամերիկայի դեսպան:
Մենենտէզ իր երկրորդ կասեցումը յայտարարեց երէկ, ըսելով. «Ներկայ պայմաններուն տակ եւ հաշուի առնելով Հոկլընտի նշանակման խնդրայարոյց բնոյթը, կը հաւատամ, որ յառաջ ընթանալու լաւագոյն ձեւը այն է, որ նախագահ Պուշ նոր թեկնածու մը առաջարկէ դեսպանի այս պաշտօնին համար»:
Ծերակուտականը նաեւ խստօրէն քննադատեց Թուրքիոյ ուրացման քաղաքականութեան ամերիկեան մեղսակցութիւնը ընդգծելով. «Նաեւ կը հաւատամ, որ պետական բաժանմունքը եւ Պուշի վարչակազմը բացայայտօրէն սխալ են Հայկական Ցեղասպանութեան մերժումի իրենց կեցուածքին մէջ: Ժամանակը եկած է ամերիկեան դիւանագիտութեան համար, որ հրաժարի մեղմաբանութիւններէ եւ արտաքին քաղաքականութեան մէջ ծեքծեքումներէն, որոնք կ’անտեսեն աշխարհի զանազան վայրերու մէջ գործուող ահաւոր ոճիրները»:
Շարունակելով, Նիւ Ճըրզիի ծերակուտականը յայտարարեց. «Եթէ որեւէ լրջութիւն կայ Պուշի բանաձեւած «ազատութեան յաղթարշաւ»ի հռետորութեան մէջ, եթէ Never Again խօսքը ինքնաշարժներու վրայ փակցուող պարզ լոզունգէ մը աւելին պիտի ըլլայ, այդ պարագային ամերիկեան դիւանագիտութիւնը պէտք է յստակ եւ պարկեշտ վերաբերում ցուցաբերէ թէ՛ մեր բարեկամներուն եւ թէ մեր թշնամիներուն նկատմամբ հաւասարապէս: Եւ պէտք է ցեղասպանութիւնը կոչենք իր անունով»:
Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի ատենապետ Քեն Խաչիկեան յայտարարեց. «Նիւ Ճըրզիի եւ ամբողջ երկրի ամերիկահայութեան հետ, մենք եւս կ’ողջունենք Մենենտէզի քայլը եւ շնորհակալութիւն կը յայտնենք իրեն՝ իր այս սկզբունքային կեցուածքին համար»: