Յառաջիկայ գարնան տեղի ունենալիք խորհրդարանական ընտրութիւնները կը մնան դարձեալ 2007ին որոշուելիք նուազ անկիւնադարձային, բայց կենսական հարցի մը՝ Հայաստանի Ազգային ապահովութեան ռազմավարութեան շուքին տակ։
2005ին ներկայացուած այդ նախաձեռնութիւնը նախապատրաստութիւն մըն է Հայաստանի բանակը մինչեւ 2015 բարեկարգելու ծրագիրի մը։ Անիկա մաս կը կազմէ ՆԱԹՕի գործակցութեան հիմամբ գործունէութեան ծրագիրին, որ բանալի բարեկարգումներ կը պահանջէ, ներառեալ՝
1.- Ազգային ապահովութեան ռազմավարութեան զարգացում։
2.- Պաշտպանութեան յղացքի զարգացում։
3.- Պաշտպանութեան համակարգի բարեկարգում, յատկապէս՝ ծրագրումի եւ ամավարկի կազմութեան գործընթացներուն։
4.- Ռազմավարական եւ պաշտպանութեան հայեցակարգի վերանայում։
5.- Պաշտպանութեան օրէնսդրութեան եւ վարչութեան վերանայում։
6.- Հայաստանի Հանրապետութեան բանակին համակարգին մէջ քաղաքային գործօնի մը ներառում։
«Անկախ պետականութեան հաստատումէն ետք պաշտօնական Երեւան պարբերաբար յառաջացուց առաջնահերթութիւններու մասին ցուցմունքներ, սակայն այդ քաղաքական փաստաթուղթը (Ազգային ապահովութեան ռազմավարութիւնը) չորդեգրուեցաւ հայկական իշխանութիւններուն կողմէ», դիտել տուաւ վերլուծաբան Դաւիթ Յարութիւնով։ «2005ի գարնան ՆԱԹՕի հետ Հայաստանի գործակցութեան ծրագիրը ներկայացուեցաւ եւ վաւերացուեցաւ։ Ծրագիրին առաջին կէտը կը վերաբերի Ազգային ապահովութեան ռազմավարութեան եւ զինուորական սկզբունքներու միացեալ զարգացման։ Այդ ծրագիրն է, որ կը խոստանայ հիմք հանդիսանալ մինչեւ 2015 Հայաստանի բանակին բարեկարգման», աւելցուց ան։
Նոյեմբերի սկիզբը պաշտպանութեան նախարար Սերժ Սարգսեան Երեւանի պետական համալսարանին մէջ տեղի ունեցած խորհուրդի նիստի մը ընթացքին դիտել տուաւ, որ իր նախարարութիւնը պատրաստած է փաստաթուղթ մը, որ՝ «կ՚երաշխաւորէ կայուն զարգացումը մեր պետութեան եւ անոր ապահովութեան»։
Զինուորական ռազմագէտներ եւ վերլուծաբաններ կը նշեն, թէ կարելի է ենթադրել, որ Հայաստանի պաշտպանութեան ռազմավարութիւնը կը նմանի իր դրացիներուն ռազմավարութեան այն նկատառումով, որ՝ երեք երկիրներն ալ կը հետեւին ՆԱԹՕի ռազմավարական չափանիշներուն եւ մտայնութեան։
2005ին Վրաստան ընդունեց վեց գլուխներէ բաղկացած ծրագիր մը, որ կը ներկայացնէր երկիրին ազգային հիմնական արժէքները, ազգային շահերը, վտանգները, ռիսքերը եւ մարտահրաւէրները, ինչպէս նաեւ ներքին եւ արտաքին քաղաքականութիւններու հիմնական ուղղութիւնները։ Արտաքին քաղաքականութեան հիմնական ուղղութեան վերաբերող գլուխը կ՚ընդգծէ Եւրոատլանտեան համարկման վերաբերեալ Վրաստանի փափաքը։ Միացեալ Նահանգներ, ինչպէս նաեւ Ուքրանիան, Թուրքիան եւ Եւրոպական միութիւնը կը ներկայացուին իբրեւ երկիրին ռազմավարական գործակիցները։
Հայաստանի քաղաքականութիւնը բանաձեւելու համար միջբաժանմունքային յանձնախումբ մը յառաջացուեցաւ, որ ունեցաւ եօթը տեսակցութիւններ, առաւել՝ Միացեալ Նահանգներէն, ՆԱԹՕէն եւ Ռուսիայէն մասնագէտներու հետ խորհրդակցական հանդիպումներ, նշեց նախարար Սարգսեան։
Ծրագիրը Գիտութիւններու ազգային ակադեմիային մէջ քննարկուեցաւ եւ խորհրդարանին ներկայացուեցաւ:
Քննարկումներէն ետք անհրաժեշտ բարեփոխումներ պիտի կատարուին փաստաթուղթին մէջ, բոլոր նկատողութիւններն ու առաջարկները հաշուի պիտի առնուին, եւ ապա փաստաթուղթը պիտի ներկայացուի Հայաստանի նախագահին։ Ազգային ապահովութեան ռազմավարութիւնը նաեւ պիտի ներկայացուի կառավարութեան, քննարկման եւ վաւերացման համար։
Գործակցութիւն՝ խաղաղութեան համար ծրագիրին ծիրին մէջ, ՆԱԹՕ շրջանի երկիրները կը մղէ որդեգրելու այդպիսի փաստաթուղթեր, որոնք կը ներառեն ՆԱԹՕի չափանիշներուն համեմատ զինուորական մարզումներու համակարգին բարելաւումը, թափանցիկ ամավարկի մը ծրագրումին համար մասնագէտներու եւ փաստաթուղթերու պատրաստութիւն, մէկ շարժուն զօրաբաժինի ստեղծում, բանակին կրթական կեդրոններու ընդլայնում, եւայլն:
Հայաստանի «ռազմավարականացումը» սկսաւ անցեալ տարուան Հոկտեմբերին, «Անդրկովկասի ապահովութիւն» խորագիրով եռօրեայ սեմինարի մը ընթացքին, ՆԱԹՕի խորհրդարանական համագումարին եւ Հայաստանի Ազգային ժողովի միջեւ համագործակցաբար։
«ՆԱԹՕ կրնայ մեծ դեր խաղալ շրջանին մէջ խաղաղութիւն եւ ապահովութիւն պահպանելուն մէջ», նշեց արտաքին գործոց նախարար Վարդան Օսկանեան հանդիպումին բացման խօսքին մէջ։
Սեմինարին ուղղած իր խօսքին մէջ Սարգսեան առաջին անգամ ըլլալով ակնարկեց, թէ Հայաստան իր ազգային ապահովութեան համար պէտք է Ռուսիայէն հեռու նայի։
«Այսօր Հայաստան համագործակցութիւն կը ցուցաբերէ հաւաքական ապահովութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան եւ ՆԱԹՕի ծիրին մէջ, որ կը քաջալերէ Հայաստանի բանակին շփման առիթներու ստեղծումը՝ ըստ միջազգային զինուորական չափանիշներու», դիտել տուաւ պաշտպանութեան նախարարը։
«Հետեւաբար՝ Հայաստանի ապահովութիւնը կ՚երաշխաւորուի թէ՛ հայ-ռուսական զինուորական միութեամբ (երկկողմանի եւ Հաւաքական ապահովութեան դաշինքի կազմակերպութեան ծիրին մէջ եւ թէ ՆԱԹՕի կառոյցներուն եւ Միացեալ Նահանգներուն հետ համագործակցութեան զարգացումով», աւելցուց ան։
«Արմինիա Նաու»