ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հոկտեմբեր 13ին Երեւանի պատմութեան թանգարանին մէջ բացումը կատարուեցաւ «Հնագոյն Երեւանի կենցաղը» խորագիրով ցուցահանդէսին՝ նուիրուած մայրաքաղաքի 2788ամեակին: Ցուցահանդէսին ներկայացուած են մօտ 6 հազար տարուան պատմութիւն ունեցող ցուցանմուշներ՝ գարեջուրի անօթներ, ուր մեր նախնիները գարեջուր պատրաստած են, նաեւ ջահեր, զարդեր եւ այլն:
«Մեր մայրաքաղաքը 2788 տարեկան է, սակայն, որպէս մարդկութեանը յայտնի բնակավայր, այն գալիս է հազարամեակների խորքից եւ ունի աւելի քան 120 հազար տարուայ պատմութիւն: Այդ մասին են վկայում երեւանեան քարայրից յայտնաբերուած նիւթերը: Ես կը ցանկանայի, որ Երեւանի բնակիչները ճանաչէին իրենց մայրաքաղաքի պատմութիւնը», նշեց թանգարանի տնօրէն Արմինէ Սարգսեան: Ան նաեւ աւելցուց, որ գիտնականներու կողմէ կատարուած ուսումնասիրութիւններու արդիւնքով պարզուած է, որ մարդ արարածը Երեւանի տարածքին մէջ բնակած է մօտ 100 հազար տարի առաջ, որմէ յետոյ կեանքը այստեղ շարունակուած է յաջորդ հազարամեակներու ընթացքին, որու վկայութիւնն են Շէնգաւիթէն, Ծիծեռնակաբերդէն յայտնաբերուած եւ Ուրարտական թագաւորութեան ժամանակաշրջանէն մեզի հասած նիւթերը:
Նշենք, որ ցուցահանդէսի բացումը սկսաւ Մալաթիա թաղամասի Հայորդաց տան սաներու ելոյթներով: Ցուցահանդէսը պիտի շարունակուի մինչեւ Հոկտեմբեր 15: