ՃԱՔԱՐԹԱ, «Ռոյթըրզ».- Ինտոնեզիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը Երեքշաբթի, Փետրուար 6ին հաղորդեց, թէ անցնող շաբաթավերջին տեղացած յորդառատ անձրեւներուն պատճառած հեղեղներուն զոհ գացած են առնուազն 36 քաղաքայիններ, մինչ մօտաւորապէս 340,000 ուրիշներ տեղահան եղած են: Հեղեղներուն հետեւանքով տուժած է յատկապէս մայրաքաղաք Ճաքարթայի արեւմտեան շրջանը:
Նկարին մէջ, ինտոնեզիացի ընտանիքի մը անդամները լաստով մը աւելի ապահով վայր մը կը փոխադրուին: