ԿՈՒԱՆԹԱՆՄՕ, Քուպա, «Ռոյթըրզ».- Հինգշաբթի, Յունուար 11ին, Քուպայի Կուանթամօ քաղաքէն ճամբայ ելած քանի մը տասնեակ ցուցարարներ, գլխաւորութեամբ մարդկային իրաւանց պաշտպան Միջազգային ներում կազմակերպութեան գործիչներու, բողոքի ցոյց մը կատարեցին քաղաքին կողքին գտնուող ամերիկեան խարիսխին մուտքին առջեւ, ուր գտնուող բանտի մը մէջ կը պահուին հարիւրաւոր իսլամ բանտարկեալներ:
Պաշտօնապէս չամբաստանուած բանտարկեալները տարիներէ ի վեր կը պահուին հոն, հակառակ միջազգային այն կոչերուն, թէ նման քայլ մը միջազգային օրէնքներու խախտում մըն է:
Ցուցարարներ անգամ մը եւս պահանջեցին փակել բանտը:
Նոյն օրը, ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն եւս յայտարարեց, թէ բանտը պէտք է փակուի, համաձայն գտնուելով նախորդ ընդհանուր քարտուղար Քոֆի Աննանի կեցուածքին:
Նկարին մէջ, Հինգշաբթի օրուան ցոյցէն տեսարան մը: