ՊԱՔՈՒ, «Նոյեան Տապան».- Նոյեմբեր 17-18ին կը սպասուի Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի այցը Թուրքիա: Այս մասին յայտնեց Թուրքիոյ մէջ Ատրպէյճանի դեսպան Զաքիր Հաշիմով եւ նշեց, որ Ատրպէյճանի նախագահը Անթալիոյ մէջ պիտի մասնակցի թրքալեզու պետութիւններու ղեկավարներու գերաստիճանին, որուն պիտի մասնակցին նաեւ Թուրքիոյ, Իւզպէկիստանի, Թիւրքմէնիստանի, Քիրկիզստանի եւ Ղազախստանի ղեկավարները:
Անթալիոյ մէջ, Ատրպէյճանի նախագահը երկկողմանի հանդիպումներ պիտի ունենայ Թուրքիոյ նախագահին եւ վարչապետին հետ, ինչպէս նաեւ առանձին հանդիպումներ՝ միւս պետութիւններու ղեկավարներուն հետ:
Նշենք, որ թրքալեզու պետութիւններու ղեկավարներու վերջին հանդիպումը տեղի ունեցած է Պաքուի մէջ, 2000ի Ապրիլ 8ին: