ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- 2008ի ելեւմտական տարուան ամավարկի նախագիծին մէջ, Սպիտակ տունը կ’առաջադրէ ոչ միայն կիսել Հայաստանի տրուելիք տնտեսական օժանդակութիւնը, այլեւ ի նպաստ Ատրպէյճանի խախտել երկու երկիրներուն տրուելիք զինուորական օժանդակութիւնը, հաղորդեց Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը: Նաեւ, նախագահի առաջարկած նախագիծին մէջ ոչինչ կայ Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան համար:
Ծանօթ է, որ 5 տարի առաջ համաձայնութիւն գոյացած էր Սպիտակ տան եւ Քոնկրէսին միջեւ, որ հաւասար չափի վրայ կը պահէր երկու երկիրներուն տրուելիք զինուորական օժանդակութիւնը:
Նախագահին կողմէ ամավարկի առաջարկին մէջ, Հայաստանի տրուելիք տնտեսական օժանդակութիւնը 69 միլիոն տոլարէն կը նուազեցուի 35 միլիոնի: Գալով զինուորական օժանդակութեան, Հայաստանի պիտի տրամադրուի միայն 3 միլիոն տոլար, որ 960,000ով նուազ է ներկայիս տրամադրուող գումարէն: Մինչ Ատրպէյճանի տրուելիք օժանդակութիւնը կը բարձրանայ:
Յանձնախումբի Ուաշինկթընի գրասենեակի վարիչ-տնօրէն Արամ Համբարեան այս մասին յայտարարեց. «Անգամ մը եւս խորապէս մտահոգ ենք, որ նախագահը խախտած է Քոնկրէսին հետ իր կայացուցած համաձայնութիւնը՝ ինչ կը վերաբերի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի տրուելիք զինուորական օժանդակութիւնը հաւասար չափի վրայ պահելու սկզբունքին: Յուսալից ենք, որ Քոնկրէսի մեր բարեկամներուն հետ կարելի կ’ըլլայ վերահաստատել հաւասարակշռութիւնը, աւելցնել Հայաստանի եւ Արցախի տրուելիք տնտեսական օժանդակութիւնը»: