ԼՈՆՏՈՆ, «Պի.Պի.Սի.».- Հայաստանէն 17ամեայ երգչուհի Սիլվա Յակոբեան իր «Այ լայք» երգով յաղթանակ մը կերտեց «Պի.Պի.Սի.»ի կազմակերպած մինչեւ 18 տարեկաններու «Նէքսթ պիկ թինկ» երգի համաշխարհային մրցոյթին։
Ան նախ ընդգրկուած էր լաւագոյն եօթնեակին մէջ։ Դատակազմին անդամները Սիլվային երգը նկատեցին «թարմ եւ նոր», իսկ անոր կատարումը՝ «անզուգական»։
«Պարզապէս հրաշալի է, անհաւատալի է, որ ես առաջինն եմ», ըսաւ երգչուհին։
Յատկանշական է, որ յաղթական երգը հեղինակած է Սիլվայի քոյրը:
Երկրորդ դիրքը բաժնեցին Մալաուիէն երգիչ մը՝ Նիք, եւ Լոնտոնէն Սթեֆան ու Մայա զոյգը: