Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէն հետեւեալ ցաւակցականը յղեց Լոս Անճելըսի մէջ ՀՀ նախկին գլխաւոր հիւպատոս Գագիկ Կիրակոսեանին, իր հօր՝ Ալեքսան Կիրակոսեանի մահուան առիթով.-
Յունուար 9, 2007
Յարգարժան պրն. Գագիկ Կիրակոսեան,
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէն ցաւակցութիւն կը յայտնէ ձեզի, ձեր հօր՝ Հայաստանի պետութեան նուիրեալ գործիչ՝ պրն. Ալեքսան Կիրակոսեանի մահուան տխուր առիթով:
Ձեզի եւ ձեր ընտանեկան պարագաներուն կը մաղթենք ուժ եւ համբերութիւն:
Յարգանօք՝
Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Ամերիկայի
Կեդրոնական Կոմիտէի Ներկայացուցիչ
Աւետիք Իզմիրլեան