Շաբաթ, Յունուար 13ի երեկոյեան, Լոս Անճելըսի Քեսապցիներու ուսումնասիրաց միութեան վարչութիւնը, միութեան յիսնամեակին առթիւ, կազմակերպած էր ճաշկերոյթ մը իր կեդրոնի «Կարպեան» սրահին մէջ, որուն ներկայ եղան հոծ թիւով հայրենակիցներ:
Վարչութեան ատենապետ տոքթ. Հրայր Աթիկեան իր բացման խօսքին մէջ մեր մէջ անսովոր երեւոյթ մը շեշտեց. «Վարչութեան կատարած բոլոր գնահատելի գործերուն համար, ձեր գնահատակաները կ’երթան վարչութեան անդամներուն, իսկ բոլոր թերութիւններուն համար ես կը վերցնեմ լրիւ պատասխանատուութիւնը»: Արդարեւ, այս միութիւնը իր յիսուն տարիներու գործունէութեան ընթացքին, վարչութիւններու անսակարկ աշխատանքին եւ հայրենակիցներու անվերապահ աջակցութեան շնորհիւ, արձանագրած է յաջողութիւններ, որոնք այսօր շօշափելի իրականութիւն են ու ապրող երեւոյթ մեր հայրենակիցներու կեանքին մէջ, մինչդեռ թերութիւններն ու նուազները մաշեր, մարեր, առաւելագոյն պարագային տարտամ յուշ դարձեր են անցեալի մշուշին մէջ: Կը խորհիմ, մանաւանդ այս օրերուն, այս դիտանկիւնէն պէտք է դիտուին հանրային կամաւոր գործունէութիւնները մեր բոլոր վարչութիւններուն:
Այդ երեկոյ, Լոս Անճելըսի Քէսապցիներու ուսումնասիրաց միութեան յիսուն տարիներու վաստակին վրայ կու գային աւելնալ երկու յատկանշական երեւոյթներ. առաջինը՝ մեր հայրենակիցներէն վեր. դոկտ. Վահան Թութիկեանի, վեր. Եսայի Սարմազեանի եւ վեր. Յովհաննէս Սարմազեանի հոգեւոր եւ ազգանուէր գործունէութեանց յարգանքի տուրքն էր, որ արտայայտուեցաւ յատուկ գնահատագիրներով:
Տիկ. Անահիտ Մէյմարեան-Թութիկեան ներկայացուց անոնց կեանքն ու գործը.-
Վեր. դոկտ. Վահան Թութիկեան ծնած է Էքիզօլուք գիւղը եւ նախնական ուսումը ստացած է Քեսապի հայ աւետարանական Նահատակաց վարժարանին մէջ, որ հիմնուած էր 1852ին եւ բողոքականաց առաջին վարժարանն է Սփիւռքի մէջ: Ապա ուսման ծարաւը եւ հանրութեան ծառայելու տենչը զինք տարած են Պէյրութ, մինչեւ հեռաւոր Միացեալ Նահանգներ, ուր տիրացած է դոկտորի տիտղոսին, աստուածաբանութեան մէջ: Այսօր ան Հայ աւետարանական համաշխարհային խորհուրդին ատենապետն է: Հեղինակած է 27 հատորներ:
Վեր. Եսայի Սարմազեան ծնած է Վերի Պաղճաղազ. իր նախնական եւ միջնակարգ ուսումէն յետոյ Քեսապի մէջ, մտաւոր լոյսի ճամբով անցած է Պէյրութ, ապա աւելի ուշ՝ Թորոնթօ, նուաճելով մագիստրոսի տիտղոսը: Իր հոգեւոր, վարչական, գրական, ուսուցչական գործունէութեանց դաշտերը եղած են առաւելաբար Հալէպն ու Պէյրութը, ուր ատեն մը վարած է Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ համայնքապետի պաշտօնը: 2001ին հրատարակած է «Տէր, տուր ինծի քրիստոնեայ Հայաստանը» հատորը:
Վեր. Յովհաննէս Սարմազեան ծնած է Վերի Պաղճաղազ, սակայն բախտ չէ ունեցած առանց ընդմիջումի ուսումը շարունակելու: Միջնակարգ ուսումէն յետոյ վարած է ուսուցչական պաշտօն, ծառայած է սուրիական բանակին մէջ: Միայն 29 տարեկանին առիթը ունեցած է ուսումը շարունակելու Պէյրութի մէջ, տիրանալով պսակաւոր արուեստից աստիճանին: 1969էն մինչեւ 1990 գործեց Այնճարի մէջ որպէս հոգեւոր հովիւ եւ տնօրէն: Այժմ կը գործէ Քէյմպրիճի մէջ, Քանատա, որպէս հոգեւոր հովիւ: Հեղինակած է երեք հատորներ:
Ապա յաջորդաբար խօսք առին մեծարեալները եւ եզրակացուցին.- Քեսապ իր թիւին հետ բաղդատած հայութեան տուած է շատ մեծ հոյլ մը արհեստավարժ մասնագէտներու, հոգեւորականներու, մտաւորականներու եւ հանրային գործիչներու:
Քեսապը իր անզուգական գեղեցկութեան կողքին կը գուրգուրայ ու կը պահէ իր գաւառաբարբառը, որ երջանկայիշատակ Գարեգին Ա. կաթողիկոսին բերնով, կատակով ըսուած է, հիմքն է գրաբարին, որմէ սերած է արդի աշխարհաբարը:
Երկրորդ յատկանշական երեւոյթը եղաւ Քեսապ կեդրոնի մուրհակի այրումը: Այսօր Լոս Անճելըսի Քեսապցիներու ուսումնասիրաց միութիւնը ունի սեփական կեդրոն իր գրադարանով, հաւաքավայրով եւ սրահով. 47 տարիներէ ի վեր անընդմէջ կը հրատարակէ իր տարեգիրքը, որ եզակի երեւոյթ է ամբողջ Սփիւռքի մէջ, սերտօրէն կապուած է իր հող-հայրենի գիւղին, որ դարձած է ուխտատեղի ու հայրենասիրութեան աղբիւր ի սփիւռս ցրուած իր զաւակներուն. կը փորձէ պահել մեր տոհմիկ աւանդութիւնները՝ Ամանորի հաւաք, հաւկթախաղ, խաղողօրհնէք, հերիսայի դաշտագնացութիւն, հաստատած է կրթաթոշակի դրութիւն ու մանաւանդ այս օրերուն իր բոլոր ճիգերը կեդրոնացուցած է, որպէսզի հայրենի գիւղին Ուսումնասիրաց միացեալ վարժարանը, որ արդէն ունի իր Ժ. դասարանը, վերածուի լրիւ քոլէճի եւ դառնայ մնայուն հաստատութիւն ու նաեւ միութեան, միակամութեան շաղախ, թէ՛ գիւղի բնակիչներուն, եւ կէ անկէ դուրս ապրող բոլոր հայրենակիցներուն միջեւ: Վարձքը կատար բոլոր աշխատողներուն եւ Աստուած՝ վարձահատոյց բոլոր նուիրատուներուն: