ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ մէկ նաւահանգիստը Կիպրոսի յոյներու առջեւ բանալու կապակցութեամբ վարչապետ Ռէչէփ Թայիփ Էրտողանի կողմէ Եւրոմիութեան կատարուած առաջարկը կը շարունակէ հարցեր ստեղծել Թուրքիոյ ներքին քաղաքական կեանքին մէջ։ Այս փոթորիկը անկասկած մեծ վնաս կը պատճառէ Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան, որովհետեւ երկրի ամենաբարձր կէտերուն վրայ գտնուողները հրապարակաւ կ՚ըսեն այնպիսի բաներ, որոնք գոնէ հրապարակաւ ըսուելու չէին։
Սպայակոյտի նախագահը, ապա նաեւ հանրապետութեան նախագահը յայտնեցին, թէ վարչապետը զիրենք տեղեակ չէր պահած այդ առաջարկը ընելէ առաջ։ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը պատասխանեց, որ անոնք տեղեակ պահուած էին, սակայն վարչապետը աւելի ուշ ջղայնացած հարց տուաւ. «Ի՞նչ է, այսինքն, Եւրոմիութեան հետ բերանացի մեր խօսելիքներուն համա՞ր ալ նախագահական պալատէն արտօնութիւն պիտի ուզենք»։ «Մեր խոյանքներուն արգելք մի ըլլաք», ըսաւ վարչապետը:
Իր կարգին, գրաւեալ Կիպրոսի նախկին ղեկավար Ռաուֆ Տենքթաշ պնդեց, թէ կառավարութիւնը Կիպրոսը ծախեց։
Վարչապետը Տենքթաշին ակնարկելով յիշեցուց, թէ այդ անձը երկար տարիներ ոչ մէկ երկրի կողմէ ճանաչում կրցաւ ապահովել։ Վարչապետը յանձնարարեց, որ Տենքթաշ «իր երկրին մէջ քարոզչութիւն ընէ», փոխանակ Թուրքիա գալու ու ասոր անոր գլխուն մէջ շփոթութիւն ստեղծելու։
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, ուր ցաւ կը յայտնէր պետութեան բարձրագոյն աթոռներուն միջեւ ստեղծուած բանավէճին համար։ Նախարարութիւնը նախ հաստատեց, թէ պետական բոլոր հաստատութիւնները անհրաժեշտ տեղեկութիւնները ստացած էին վարչապետին առաջարկին մասին, ուրեմն շատ ցաւալի է, որ այսքան փափուկ հարցի մը մէջ հրապարակաւ այսպիսի աղմուկ կը ստեղծուի։