ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը յստակեցուց ԼՂՀ Հադրութ շրջանին մէջ նախատեսուած ծրագիրները եւ արդէն նախաձեռնած է նախագիծեր պատուիրելու աշխատանքին:
Այս մասին յայտնեցին հիմնադրամի աղբիւրները եւ նշեցին, որ ծրագիրի շրջանակներով արդէն սկսած է շինարարական նուազուրդներու յայտարարման գործընթացը, մասնաւորապէս՝ Հադրութ քաղաքի ջրամատակարարման համակարգի վերականգնման ծրագիրի համար:
Նշենք, որ հիմնադրամի վերջին թելեթոնով, նախնական տուեալներով, հաւաքուած է շուրջ 13.7 միլիոն տոլար, եւ ամբողջ գումարը պիտի տրամադրուի Հադրութի վերականգնման եւ զարգացման ծրագիրներուն. շրջանին մէջ կը նախատեսուի հիմնել նաեւ հիւանդանոց եւ դպրոց:
Հիմնադրամէն կը նշեն նաեւ, որ արդէն սկսած են նախապատրաստուիլ Մայիս 8ին նախատեսուած հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի ամէնամեայ նիստին: