ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ եւ ԱԺի արտաքին յարաբերութեանց յանձնաժողովի նախագահ Արմէն Ռուստամեան «Ազատութիւն» կայանին յայտարարեց, որ Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք, որոշ պայմաններու պարագային, կրնայ չմասնակցիլ ապագայ կառավարութեան կազմութեան, անհաւանական չէ նաեւ ընդդիմադիր ըլլալը:
Ռուստամեան յայտարարեց. «Երկու պայման կայ, որի դէպքում Դաշնակցութիւնը չի մասնակցի կառավարութեան ձեւաւորմանը. առաջին, եթէ Դաշնակցութիւնը գնահատի եւ պարզ դառնայ, որ այդ ընտրութիւնների արդիւնքները չեն ճանաչուելու միջազգային ատեանների կողմից: Երկրորդ, մենք չենք կարող մաս կազմել կառավարութեանը՝ ունենալով այնքան քանակի պատգամաւորներ, որը հնարաւորութիւնը չի տայ կառավարութեան մէջ լինելով ազդել որոշումների ընդունման վրայ», միաժամանակ, բերելով հետեւեալ օրինակը.- «Եթէ երկու քաղաքական ուժ արդէն առանց մեզ էլ կոալիցիա կարող են ձեւաւորել, մենք չենք դառնայ երրորդը… Այսինքն, մենք չենք պատրաստւում դառնալ 5րդ շարասիւն որեւէ կառավարութեան մէջ»:
Հարցումի մը, թէ ընտրութիւններու ընթացքին կեղծիքներու պարագային Դաշնակցութիւնը փողոց կրնա՞յ իջնել, Ռուստամեան պատասխանեց.- «Եթէ կեղծուած լինեն ընտրութիւնները, դա կը նշանակի, որ, բնական է, ընդդիմութիւն ենք դառնում: Ընդդիմութիւն դառնալով, համապատասխան մարտավարութիւն ես մշակում: Այդ ժամանակ մենք պէտք է օգտագործենք բոլոր քաղաքական միջոցները մեր ընդդիմադիր կեցուածքով ազդելու հետագայ ընթացքի վրայ, որովհետեւ միւս ընտրութիւնը (նախագահական) շատ արագ յաջորդում է Ազգային ժողովի ընտրութիւններին: Եւ այդտեղ շատ լուրջ շանս կայ քաղաքակիրթ ձեւով շտկելու ամբողջ եղած թերութիւնները»:
Ռուստամեան դիտել տուաւ, որ ապագայ քաղաքական համախոհութիւնը (կոալիցիան) պիտի կազմեն առաջին-երկրորդ տեղերը գրաւող ուժերը, հետեւաբար, երրորդը աւելորդ է: Հարցումի մը, թէ Դաշնակցութիւնը ինքզինք առաջին-երկրորդ դիրքի վրայ կը տեսնէ՞, Ռուստամեան պատասխանեց. «Կարծում եմ, որ Դաշնակցութիւնը կարող է այդտեղ տեղ ունենալ, ինչո՞ւ ոչ… Նուազագոյնը այն է, որ մենք պէտք է մեր եղած ցուցանիշը (11 աթոռ) պահպանենք: Առաւելագոյնը՝ որքան հնարաւոր է»:
Ռուստամեան ըսաւ նաեւ, որ կուսակցութեան համամասնական ցուցակը պիտի գլխաւորէ Հ.Յ.Դ. ղեկավարութիւնը, աւելցնելով, որ հերթականութիւնը ճշդուած չէ: