ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Լոյս տեսաւ «Ազգային ատլաս» երկհատոր աշխատութեան առաջին հատորը, որ պատրաստուած է անշարժ գոյքի պետական կոմիտէի քարտէսագրութեան կեդրոնի կողմէ: Այս ուղղութեամբ աշխատանքները սկսած էին 2002ին:
«Ազգային ատլաս»ի առաջին հատորը բաղկացած է 230 էջերէ եւ կը ներառէ հինգ բաժին՝ ընդհանուր ակնարկ, Հայաստանի բնութիւնը, բնակչութիւնը, տնտեսութիւնը, վարչատարածքային միաւորները եւ ԼՂՀի մասին նիւթեր՝ իրենց քարտէսներով:
Ատլասին մէջ մանրամասնօրէն ներկայացուած են Հայաստանի երկրաշարժերը, հանքային աղբիւրները, կլիման, բուսական աշխարհը, քիմիական, սնունդի եւ թեթեւ արդիւնաբերութեան, խաղողագործութեան, պտղաբուծութեան, ձկնորսութեան ոլորտները, զբօսաշրջութիւնը եւ այլն: Ան կ’անդրադառնայ նաեւ «արմէնոյիտ» մարդաբանական տիպին, օտար էթնիք խումբերու Հայաստան ներթափանցման, արտագաղթին եւ միջնադարեան գաղութներու ձեւաւորման, Եղեռնին, հայրենադարձութեան, ազգային փոքրամասնութիւններուն, կրթութեան, գիտութեան, ինչպէս նաեւ Երեւանին, Հայաստանի նախկին մայրաքաղաքներուն, մարզերուն:
Կեդրոնի գլխաւոր տնօրէն Յովսէփ Պետրոսեան յայտնեց, որ ատլասի երկրորդ հատորը պատրաստ պիտի ըլլայ 2007ի երկրորդ կէսին: Այստեղ պիտի ներկայացուին հայ ժողովուրդի պատմութեան, մշակոյթի, ինչպէս նաեւ Սփիւռքի մասին նիւթեր եւ քարտէսներ: