ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը իր Փետրուար 6ի նիստին մերժեց Ազգային ժողովի Մայիս 12ի ընտրութիւններուն դէտի առաքելութեան վերաբերեալ «Գերագոյն խորհուրդ» պատգամաւորական ակումբ հասարակական կազմակերպութեան դիմումը: Նախագահ Գարեգին Ազարեան մերժումը հիմնաւորեց այն փաստով, որ կազմակերպութեան անուանումը չի համապատասխաներ հասարակական կազմակերպութիւններու մասին օրէնքի պահանջներուն (համաձայն որու՝ հասարակական կազմակերպութիւններու անուանումներուն մէջ Գերագոյն խորհուրդ, Ազգային ժողով, կառավարութիւն եւ պետական այլ մարմիններու անուններ օգտագործելը արգիլուած է):
Նոյն հիմնաւորումով, «Գերագոյն խորհուրդ» պատգամաւորական ակումբին՝ դէտի առաքելութիւն կատարելու դիմումները մերժուած էին նաեւ 2005ի սահմանադրական հանրաքուէին եւ 2003ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն ժամանակ:
ԿԸՅի նիստը որոշեց նաեւ անփոփոխ ձգել ընտրատարածքներու սահմանները: Համաձայն ընտրական օրէնքին, եթէ ընտրատարածքին մէջ ընտրողներու թիւը միջինէն աւելի կամ պակաս է 10 տոկոսով, այդ պարագային ԿԸՅը պէտք է հիմնաւորէ սահմանները չփոխելու պատճառները: Եթէ ընտրողներու թիւը միջինէն բարձր է 15 տոկոսով, ապա ընտրատարածքի սահմանները կը փոխուին. «Այս պահի դրութեամբ ՀՀ 41 ընտրատարածքներից միայն վեցում կայ 10 տոկոսի շեղում եւ քանի, որ այն 15 տոկոսի չէր հասնում, ապա աննպատակայարմար է ընտրութիւնների նախաշեմին ընտրատարածքների սահմանները փոփոխել», նշեց ԿԸՅի նախագահը: