ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստան յաջողութեամբ կատարած է «Հազարամեակի մարտահրաւէրներ» ամերիկեան ծրագիրի առաջին յատկացման համար (մօտ 1.4 միլիոն տոլար) պահանջուող բոլոր նախապայմանները, նշեց Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատար Էնթընի Կատֆրի Դեկտեմբեր 12ին, «Հազարամեակի մարտահրաւէրներ» հիմնադրամի Հայաստանի գրասենեակին մէջ տեղի ունեցած ասուլիսի ընթացքին:
Կատֆրի նշեց նաեւ, որ «Հազարամեակի մարտահրաւէր»ը Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան անունով արդէն փոխանցած է 882 հազար տոլար: Այս ամիս պիտի փոխանցուի 507 հազար տոլար եւս: Նշենք, որ այս յատկացումները պիտի հաստատուին իւրաքանչիւր եռամսեակ ու ամսէ ամիս պիտի փոխանցուին հիմնադրամի Հայաստանի դրամատնային հաշուին՝ ծրագիրի իրականացման գործին մէջ Հայաստանի ունեցած յառաջխաղացքի հիման վրայ:
Համաձայնագիրով կը նախատեսուի 67 միլիոն տոլար՝ 943 քիլոմեթր գիւղական ճանապարհներու վերականգնման, 146.25 միլիոն՝ ագարակային տնտեսութիւններու արտադրողականութեան բարձրացման համար: