ԹԻՖԼԻՍ, «Արմէնփրէս».- Վրաստանի խորհրդարանը յետաձգեց ԱՊՀէն դուրս գալ առաջադրող բանաձեւի մը քննարկումը, որ ծրագրուած էր Նոյեմբեր 10ի նիստին համար, յայտնեց խորհրդարանի նախագահ Նինօ Պուրճանածէ, որ խորքին մէջ յետաձգումի որոշումին հեղինակն էր:
Պուրճանածէ իր որոշումը բացատրելով ըսաւ, թէ նախ քան խորհրդարանի լիագումար նիստին կողմէ այս բանաձեւին քննարկուիլը, զայն պէտք է դնել արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նիստին եւ ստանալ անոր հաւանութիւնը:
Սակայն յանձնախումբը չկրցաւ նիստ գումարել՝ մեծամասնութիւն չապահովելուն պատճառով:
Ընդդիմադիր պատգամաւոր Քախա Քուքաւա ըսաւ, թէ յետաձգելով հարցի քննարկումը, խորհրդարանը կ’ուզէ խոյս տալ հարցին շուրջ ստեղծուելիք բանավէճէն եւ ձախողեցնել բանաձեւը: Ան բանաձեւի հեղինակներէն մէկն է: